ԵՐԵՒԱՆ, «Նիւոզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանի ուղեկցութեամբ երէկ մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ:
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը այս օրերուն ձեռնարկած է լայնածաւալ զօրավարժութեանց, որոնց հետեւող ԼՂՀ ղեկավարութեան միանալու գացին նախագահ Սարգսեան եւ նախարարը: Հայաստանի նախագահն ու պաշտպանութեան նախարարը Արցախի մէջ պիտի մասնակցին նաեւ զինուորներու բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան: