ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան Նոյեմբեր 9ին ընդունած է Եւրոյանձնաժողովի եւրոպական աջակցութեան եւ համագործակցութեան գրասենեակի Եւրոպական քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Սարա Ռինալտիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ տէ Լուցենպըրկըր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Եւրոպական «Հարեւանութեան ներդրումային գործիք» ծրագիրին միջոցով՝ Երեւանի ընդյատակեայ հանրակառքի եւ փոքր քաղաքներու ջրամատակարարման համակարգերու վերանորոգման աշխատանքներու նիւթական աջակցութեան վերաբերող հարցեր:
Համաձայնուած է աջակցիլ շուրջ 36.8 միլիոն եուրօ արժող ծրագիրին, որուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի 7 մարզերու մէջ պիտի բարելաւուի փոքր քաղաքներու ջրամատակարարումը, պիտի նորոգուին ջուրի մաքրութեան եւ կոյուղիի կառոյցները եւ պիտի արդիականացուի Երեւանի ընդյատակեայ հանրակառքը:
Եւրոպական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է մեծցնել աջակցութեան ծաւալը, ծրագիրի յաջողութեան պարագային:
Որոշուած է այս եւ այլ խնդիրներու առնչութեամբ, Դեկտեմբերին իրականացնել համաժողով-քն-նարկում մը՝ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը համակարգող միջ-գերատեսչական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ: