ՊՐԻՒՔՍԵԼ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10ին հրապարակած էր Թուրքիոյ մասին իր հերթական զեկոյցը, շեշտելով, թէ Թուրքիա պէտք է հետամուտ ըլլայ Կիպրոսի տագնապին ու սահմանային հարցերու լուծման։ Զեկոյցին մէջ մասնաւորաբար կը քննադատուին Թուրքիոյ մէջ խօսքի եւ դաւանանքի ազատութեան սահմանափակումները: «Զանգուածային լրատուամիջոցներու խօսքի ազատութիւնը պէտք է բարելաւուի թէ՛ Թուրքիոյ իրաւական դաշտին մէջ եւ թէ գործնական կերպով», նշուած է զեկոյցին մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ, քայլեր առնելու, «2009ին ստորագրուած համաձայնագիրով Հայաստանի հետ սկսուած երկխօսութիւնը իր աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Կիպրոսի յունական բաժինին հետ»:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ մամուլի եւ հասարակութեան կողմէ կարելի դարձած է աւելի ազատ եւ բաց քննարկումներ կազմակերպել այնպիսի զգայուն նիւթերու շուրջ, ինչպիսիք են հայկական եւ քրտական հարցերը, բանակի դերակատարութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։
«Ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ մէջ բաց եւ ազատ քննարկումները կը շարունակուին։ Սակայն միւս կողմէ ալ կը շարունակուին մտահոգութիւնները մամուլի դէմ կատարուող քաղաքական յարձակումներու առնչութեամբ։ Լրագրողներու դէմ քրէական գործեր կը յարուցուին, ինչ որ կը տկարացնէ մամուլի ազատութիւնը», կը նշուի զեկոյցին մէջ։
Զեկոյցին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող իսլամական եւ ծայրայեղ աջակողմեան կողմնորոշում ունեցող մամուլին մէջ կը շարունակուին իշխել հակասեմական տրամադրութիւնները։
Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ նաեւ կրօնի ազատութեան, Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու բնակչութեան վիճակին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, «Էրկենեքոն»ի դատավարութեան, «Ժողովրդավարական նախաձեռնութեան» եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ ամիսներ առաջ որդեգրուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու օրէնսդրական թղթածրարին, որուն հանրաքուէով վաւերացումը դրական քայլ մը կը համարուի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցած զեկոյցին, նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը յետաձգէ այդ կառոյցին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը՝ անընդհատ փոխելով անդամակցութեան խաղի կանոնները։ «Մենք արդէն յիսուն տարի է կը սպասենք Եւրոպայի դարպասներու մօտ։ Մենք դեռ կը սպասենք ու կը սպասենք եւ դեռ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ ենք», ըսած է ան աւելցնելով, որ Անգարան Կիպրոսի համար պիտի բանայ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները այն ատեն, երբ Եւրոպական Միութիւնը հանէ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի նկատմամբ սահմանուած տնտեսական արգելքը։
Իր կարգին, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, թէ Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներ, որոնք «ապագան տեսնելու կարողութենէն զուրկ են», կ՛ուզեն ուշացնել Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը։ Կիւլ, առանց անուն տալու, ակնարկեց այն երկիրներուն, որոնք «թաքնուած են Կիպրոսի յոյներու ետին»։
Կիպրոսի հարցը Թուրքիոյ անդամակցութեան ճամբուն վրայ ամէնէն կարեւոր արգելքը կը նկատուի թրքական մամուլին կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Մարշըլ» հիմնարկին կողմէ վերջերս կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքներու համաձայն, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցին մէջ Թուրքիոյ աջակցողներու թիւը նուազած է 35 առ հարիւրով, 2004ի տուեալներուն հետ բաղդատած: