ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Լեւատա» կեդրոնին կողմէ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի վարկանիշը գրեթէ հաւասարած է վարչապետ Վլատիմիր Փութինի վարկանիշին։ Հարցախոյզին մասնակիցներուն 76 տոկոսը Ռուսիոյ նախագահին գործունէութեան նկատմամբ հաւանութիւն տուած է, իսկ վարչապետին գործունէութեան՝ 77 առ հարիւրը։
Փութինի հեղինակութեան վարկանիշը փոփոխութեան չէ ենթարկուած, մինչդեռ Մետվետեւի վարկանիշը աճած է՝ Սեպտեմբերին արձանագրուած 73 առ հարիւրին հետ բաղդատած: Այն հարցումին, թէ «նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին որո՞ւն ի նպաստ պիտի քուէարկէք», Փութինի ի նպաստ արտայայտուած են հարցախոյզի մասնակիցներուն 24 առ հարիւրը, իսկ Մետվետեւի՝ 21 առ հարիւրը։ Ցարդ երկու ղեկավարներուն միջեւ տարբերութիւնը կը կազմէր 9-11 առ հարիւր։
Մետվետեւ, իբրեւ աւելի ազատական նկատուող ղեկավար, Արեւմուտքի մէջ նաեւ կ՛ընկալուի աւելի դրական կերպով, քան Փութինը։