ՃԱՔԱՐԹԱ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ինտոնեզիոյ մէջ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10ին յայտնեց, որ իսլամական աշխարհին հետ Միացեալ Նահանգներու վնասուած յարաբերութիւններուն բարելաւումը յաւելեալ ջանքի կը կարօտի։ Անոր յայտարարութիւնը «տարիներու անվստահութիւնը» ջնջելուն դիմաց ծառացած դժուարութեանց գիտակցելու նշան մըն էր։ Ինտոնեզիոյ մէջ իր մանկութեան չորս տարիները վերյիշելու առիթ ընծայող այցելութեան ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ, Օպամա սիրալիր կերպով խօսեցաւ աշխարհի ամէնէն բազմամարդ իսլամական երկիրին մէջ իր կազմաւորման տարիներուն մասին։ Անոր ճառը վերաթարմացումն էր 17 ամիս առաջ Գահիրէի մէջ իր ունեցած ելոյթին, երբ ան Միացեալ Նահանգներ-իսլամութիւն յարաբերութեանց «նոր սկիզբ» մը յայտարարեց։
«Անցնող 17 ամիսներուն որոշ յառաջընթաց արձանագրած ենք, սակայն տակաւին յաւելեալ աշխատանք կայ կատարելիք», ըսաւ Օպամա։
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի տագնապին, նախագահը յայտնեց, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները «հսկայական արգելքներ» կը դիմագրաւեն։ «Սակայն ոեւէ մէկը թող չկասկածի. որեւէ ջանք պիտի չխնայենք գտնելու համար լուծում մը, որ արդար է, եւ առնչակից բոլոր կողմերուն շահերէն կը բխի. երկու պետութիւն՝ Իսրայէլ եւ Պաղեստին, խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ կողք-կողքի ապրող», ըսաւ ան։