ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 9ին, Երեւանի Դաւիթաշէն համայնքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ, «Մաշտոց»ի զինուորական բաժնի 24 զինակոչիկներ ազգային բանակ ճանապարհելու առիթով, կազմակերպուած էր տօնական հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն կը մասնակցէին ԱԺ պաշտպանութեան, Ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ ԱԺ պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, նորակոչիկներու ծնողներ, հարազատներ եւ այլք:
Զինակոչիկներին բարի ծառայութիւն եւ բարի վերադարձ մաղթեց Հ. Կարապետեան՝ նշելով, որ հայոց բանակը իր կարգապահութեամբ եւ բարոյական յատկանիշներով պէտք է մեր հասարակութեան օրինակելի մասը ըլլայ:
«Կայ պաշտպանութեան նախարարի ցուցումը զինկոմներին՝ զօրակոչի ամփոփման ժամանակ հանդիսաւորութեամբ բանակ ճանապարհել զօրակոչիկներին: «Մաշտոց»ի զինկոմը՝ ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերի մշտական յանձնաժողովին հրաւիրել է մասնակցելու այս գեղեցիկ միջոցառմանը, որը, յոյսով եմ, պէտք է աւանդական լինի, որպէսզի ծնողները տեսնեն, որ իրենց զաւակներն արժանի են յարգանքի եւ արժանանում են դրան՝ ԱԺ պատգամաւորների, զինուորականների եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմից», յայտնեց Հրայր Կարապետեան, եւ հաւաստիացուց, որ իր գլխաւորած յանձնաժողովը մշտապէս կապի մէջ պիտի ըլլայ ազգային բանակին հետ:
Նորակոչիկներուն բարեմաղթանքի խօսք փոխանցեցին նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Ռուբէն Գէորգեանը, ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեանը եւ նորակոչիկներուն ծնողները:
Նախքան ծառայութեան մեկնիլը, հայրենիքի ապագայ պաշտպանները օրհնեց Դաւիթաշէն համայնքի հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Մարուքեանը: