
Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնադրամը (AFFMA) կազմակերպած է հագուստներու ցուցադրութիւն մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան աշխատանքը ընդարձակելու նպատակին:
Ցուցադրութիւնը եւ անոր յաջորդող ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ «Sheraton Universal» պանդոկին մէջ (333 Universal Hollywood Drive, Universal City, CA, 91608), Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ:
Մուտքի սակը 75 տոլար է: Տեղեր ապահովելու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://affma.org կայքը: