
Կազմակերպութեամբ Արսինէ Յակոբեանի, «Artology 101» ցուցադրասրահին մէջ (3108 Glendale Blvd., Los Angeles, CA 90039), Նոյեմբեր 12-20ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ երեք լուսանկարիչներու միացեալ ցուցահանդէս մը՝ «Տեսնելու Ձեւեր» խորագիրով: Պիտի ցուցադրուին Սինթիա Ֆրետրիքսի, Ժիլ Մարեսի եւ Մայք Լիի լուսանկարները: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7էն 12: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: Ցուցադրասրահը ժամադրութեամբ բաց է միւս օրերուն: Ժամադրութեանց համար դիմել (818) 321-7379 թիւին, կամ arsine_akopyan@hotmail.com հասցէին: