
ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին, «Մեսրոպեան» վարժարանին նիւթապէս սատարելու նպատակով կազմակերպուած է ընթրիք մը, որ տեղի պիտի ունենայ վարժարանի տարիներու հովանաւոր Վարուժան Կարապետեանի Պեվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ:
«Մեսրոպեան»ի օժանդակ մարմինին կազմակերպած սոյն ձեռնարկին նպատակն է առնուազն 100,000 տոլար գոյացնել՝ զայն յատկացնելու համար կարիքաւոր աշակերտներու կրթանպաստի հիմնադրամին:
Արդէն իսկ աւելի քան 30 հոգի խոստացած են 1500ական տոլարով նեցուկ կանգնիլ վարժարանին, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխատանք կը տանի յաւելեալ նուիրատուներ ապահովելու համար:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (323) 723-3181 թիւին: