ՍՈՉԻ.- Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, Ռուսիոյ հայերու միութեան Սոչիի Լազարեւի շրջանի մասնաճիւղը դիմած է Սոչիի վարչակազմի գիտութեան եւ կրթութեան վարչութեան պետ Օլկա Մետվետեւային եւ Քրասնոտար երկրամասի կրթութեան եւ գիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Թաթիանա Խլոփովային՝ անոնց առաջարկելով «Քուպանագիտութիւն» նիւթի դասընթացքին մէջ ներառել դարեր շարունակ ռուսական Քուպան քաղաքը ապրող եւ Քրասնոտարի մէջ թուաքանակով երկրորդը համարուող հայերուն պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն ու կրօնքին մասին նիւթեր:
Առ այդ, Սոչիի կրթութեան եւ գիտութեան վարչութիւնը յայտնեց, որ հասարակութեան առաջարկները կրնան իրենց արտացոլումը գտնել «Քուպանագիտութիւն» դասընթացքի կարգ մը նիւթերուն մէջ: