ՄՈՍԿՈՒԱ.- Անցեալ Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ աշխատանքային հանդիպումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Ազատութիւն», ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Աստրախանի մէջ 27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հիմամբ, Սերկէյ Լաւրովի, Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ եղած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչուող շարք մը հարցեր։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, հանդիպման վերաբերեալ իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշած է. «Համապատասխան 27 Հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ վեհաժողովին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, հանդիպման օրակարգին վրայ էին ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հրատապ հարցեր»։