ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ ամփոփելու համար Նոյեմբեր 4ին Քաշաթաղ շրջանի հիւսիսային հատուած կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Երկրին ղեկավարը կարեւոր համարած է նշեալ շրջանին հասարակական-տնտեսական զարգացումը, ու առաջնահերթ համարելով ելեկտրականութեան, ճանապարհաշինութեան, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ջրամատակարարման հետ կապուած հարցերը՝ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն, որպէսզի այդ ոլորտներուն մէջ առկայ շեղումները շտկեն։
Նշենք, որ խորհրդակցութեան մասնակցած են Ղարաբաղի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.