
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայիք Պակիրով, թրքական «Թուտէյզ Զաման»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «երկու պետութեամբ մէկ ժողովուրդ» են, եւ պիտի շարունակեն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը առաւել եւս խորացնել, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն վիհ մը բանալ երկու «եղբայրական ժողովուրդներուն» միջեւ:
Պակիրով շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամուր մնալ՝ հերքելով այն վարկածները, թէ Պաքուի մէջ հիասթափութիւն գոյութիւն ունի յատկապէս Հայաստանի հետ Թուրքիոյ մերձեցման հարցով։ «Մենք բարձրագոյն մակարդակով երաշխիք ստացանք, որ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի շահերը երբեք պիտի չվտանգէ», ըսաւ ան ու շեշտեց, որ շրջանային խաղաղութիւն հաստատելու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կատարելապէս կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի նպատակներուն։
«Թէեւ Ատրպէյճան հայկական յարձակումին ենթարկուած է, ան կը շարունակէ խաղաղասէր քաղաքականութիւն կիրարկել։ Մենք կ՛ըսենք, թէ Հայաստան աւելի շահ պիտի ապահովէ, եթէ միջազգային օրէնքը յարգէ եւ այս հարցերով Ատրպէյճանի հետ համաձայնի։ Անոնք կրնան Կովկասի մէջ շրջանային ծրագիրներու մաս կազմել։ Թուրքիան ալ նոյնը կ՛ըսէ», նշեց ան։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ձախողեցան, Թուրքիոյ ջանքերուն Ատրպէյճանի բուռն ընդդիմութեան պատճառով՝ Պակիրով մերժեց սոյն տեսակէտը՝ ըսելով, որ այդ մէկը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երբեք ալ լարուածութեան հարց մը չէ եղած։ «Մենք այլ երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց միջամտելու ո՛չ իրաւունքը ունինք, ո՛չ ալ նպատակը», ըսաւ ան։
Նաեւ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ դեսպանը նշեց, որ տագնապը կրնայ լուծուիլ համագործակցութեան եւ յաւելեալ երկխօսութեան ճամբով. «Ատրպէյճանի մէջ կարգ մը շրջաններ ապօրինի կերպով գրաւուած են, եւ պարզ է, որ հայկական ուժերը կը կանգնին այս բռնագրաւման ետին։ Ասիկա մեզի համար լուրջ հարց մըն է, եւ մենք պատրաստակամ ենք այս խնդիրը խաղաղ միջոցներով լուծելու», ըսաւ Պակիրով։