
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի, նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ, թէ Նոյեմբեր 7ին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները խաղաղ էին՝ բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, տեղական եւ միջազգային դիտորդներուն մասնակցութեամբ։ Այնուհանդերձ, ան աւելցուցած է, թէ ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ միջազգային չափանիշներուն։
«Այս ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ բաւարար չէին երկրի ժողովրդավարական զարգացման գործին մէջ էական յառաջընթաց արձանագրելու համար», կը գրէ Քարուլի։
Ըստ անոր, ընտրական գործընթացին մէջ որոշ բարելաւումներ արձանագրուած են, սակայն այդուհանդերձ, թէ՛ նախընտրական շրջանին եւ թէ ընտրութիւններուն օրը լուրջ հարցեր արձանագրուեցան։
Քրաուլի կը կիսէ ԵԱՀԿի առաքելութեան այն անհանգստութիւնը, որ նախընտրական շրջանը յատկանշուած էր զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ թեկնածուներու գործունէութեան անհաւասար լուսաբանումով, խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի շարունակական սահմանափակումներով, որոնք անհաւասար պայմաններ ստեղծած էին թեկնածուներուն համար։
«Ընտրութիւններուն օրը, Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիտորդները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները լուրջ խախտումներ նշմարած էին ընտրական գործընթացին մէջ, ներառեալ՝ լցումներ», կը գրէ Քրաուլի։
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ այժմ կեդրոնանայ բողոքները արդար, թափանցիկ եւ գործնական կերպով վճռելու, պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնց շուրջ ընտրութիւններուն միջամտած ըլլալու կասկածներ կան։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգելու խօսքի ու հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը», կ՛եզրակացնէ Քրաուլի: