ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 4ին կայացած կառավարութեան նիստին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կատարած է քանի մը անակնկալ եւ կտրուկ յայտարարութիւններ, որոնց հետեւանքով, հաւանական է, որ աւելի քան տասը պետական ծառայողներ զրկուին իրենց աշխատանքէն:
Ըստ վարչապետի յայտարարութեան, Հայաստանի նախագահը սահմանային անցակէտ այցելելէ ետք, դժգոհած է շարք մը գերատեսչութիւններու աշխատանքէն եւ կառավարութեան յանձնարարած՝ դիմել համապատասխան միջոցներու: Վարչապետը առանձնացուցած է երեք ոլորտ, որոնցմէ առաջինը՝ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներուն աշխատանքը, որ կ՛առնչուի թունաւոր նիւթերու հետ: Վարչապետին յանձնարարութեամբ, գիւղատնտեսութեան նախարարը արդէն իսկ ստուգումներ իրականացուցած է թունաւոր նիւթեր ներմուծող եւ իրացնող կազմակերպութիւններուն մօտ, եւ յայտնաբերած՝ մէկ խախտում: Իբրեւ հետեւանք, աշխատանքէ ազատուած է նշեալ նախարարութեան արտօնագրման վարչութեան պետը։
Երկրորդ ոլորտը կը վերաբերի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն վարկային աղբիւրներու յատկացման: Ըստ վարչապետին, 2 տարի է, որ անընդհատ կը խօսուի վարկային աղբիւրները հասանելի դարձնելուն մասին, որուն կապակցութեամբ կառավարութիւնը նոյնիսկ ծրագիր կազմած է եւ միջոցներ յատկացուցած, սակայն, այդ ուղղութեամբ որեւէ առաջընթաց չէ կատարուած: Վարչապետը ելեւմտական նախարարին յանձնարարած է աշխատակազմի եւ կառուցուածքային փոփոխութիւններ կատարել այդ գործընթացին համար, պատասխանատու ստորաբաժանումին մէջ։
Նաեւ արծարծուած է առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն հարցը: «Կոռուպցիան այդ ոլորտներում խորացել է», յայտարարեց վարչապետը՝ նշելով, որ անոր փաստը՝ մամուլին մէջ հրապարակուող նիւթերն ու կառավարութեան վերահսկողական ծառայութեան ուսումնասիրութիւններն են: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանին յանձնարարուած է 10 օրուան ընթացքին ներկայացնել «պարզ եւ հասկանալի» ծրագիր՝ կաշառակերութիւնը յաղթահարելու համար: Առաւել խիստ պահանջներ դրուած են առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանի դիմաց, որուն առաջարկուած է քննարկել փոխնախարարներուն եւ աշխատակազմի ղեկավարներու պաշտօնանկութեան հարցը, եթէ անոնք բաւարար չափով չեն պայքարիր կաշառակերութեան դէմ:
Նշենք, որ նիստի աւարտին, առողջապահութեան փոխնախարար Հայկ Դարբինեան գտնուած է շփոթած վիճակի մէջ, եւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանած է ըսելով, որ տակաւին պէտք է ուսումնասիրուին մարդուժի եւ կաշառակերութեան հետ կապուած հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.