ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Նոյեմբեր 2ի Քոնկրեսի ընտրութիւնները անկիւնադարձային եղան Միացեալ Նահանգներուն համար՝ մասնակիօրէն վերջ տալով երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն մէջ դեմոկրատներու տիրապետութեան:
Քուէարկողներուն հետ հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ մինչ անոնք ընդհանրապէս դժգոհ են տիրող տնտեսական պայմաններէն, անոնք անպայմանօրէն չեն ընդդիմանար նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին որդեգրած վարքագիծին, հակառակ այն իրողութեան, որ հանրապետականները կը փորձեն այդ տպաւորութիւնը ստեղծել:
Յատկանշական է նաեւ, որ 2008ի ընտրութեանց հետ բաղդատած՝ 2010ի ընտրութիւններուն երիտասարդներու մասնակցութիւնը գրեթէ կէսի իջած է, մինչ տարեցներու մասնակցութեան համեմատութիւնը զգալիօրէն բարձրացած՝ բացատրելով երկրին դէպի պահպանողական բեւեռ թեքումը:
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, ամենամտահոգիչը այն իրողութիւնն էր, որ յաջորդ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ղեկավարներն ու Ծերակոյտի մէջ յատկանշական ոստում արձանագրած անոնց կուսակիցները իրենց շեշտը կը դնեն Օպամայի վարչակարգին իրականացուցած սահմանափակ բարեկարգումները շրջելու աշխատանքին վրայ՝ մերժելով փոխադարձ զիջումներով առաջ ընթանալու կոչերը:
Կը յուսանք, որ անոնց այս նեղմիտ կեցուածքը պարզապէս արդիւնք է յաղթանակին առթած ժամանակաւոր «վերացումին», որ կը ցնդի մինչեւ Յունուար, երբ նոր Քոնկրեսը պիտի սկսի աշխատանքի: Այլապէս, ապագան անտեսելով ու դէպի անցեալ դարձած հանրապետական ղեկավարները, յառաջիկայ երկու տարիներուն կրնան աւելի եւս վատթարացնել երկրին հանրապետական նախորդ վարչակարգի անպատասխանատու քայլերով ստեղծուած ճգնաժամը:
Համագործակցութեան կոչերը խօսքէն գործի անցընելու առաջին փորձաքարը պիտի ըլլայ Օպամայի կողմէ կազմակերպուած այն հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 18ին, ներկայ եւ յաջորդ Քոնկրեսներու ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպման նպատակն է՝ քննել նախկին վարչակարգին կողմէ մեծահարուստներու շնորհուած տուրքերու կրճատումներուն վերջ դնելու ու անգործութեան ապահովագրութիւնը բարեկարգելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը խթանելու միջոցները: