ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թուրքիայի պետական մարդիկը շատ լաւ են հասկացել… հանգամանքները. «բաժանեա՛, զի տիրեսցէ» – ահա՛ նրանց դեւիզը (հնարքը-Խմբ.): Մեզանից ամէն մէկն առհասարակ խիստ արհամարհական կարծիք ունի Թուրքիայի պետական մարդերի վրայ.– Նրանք թէեւ հանճարներ չեն, նրանք թէեւ մի–մի երեւելի աւազակներ են… Բայց խորամանկութեան մէջ, դիւանագիտական խաբէութեան մէջ եւ ընդհանրապէս մակիավելլիզմի մէջ անհամեմատ շնորհալի են։ Նրանք շատ լաւ են հասկանում պետութեան մէջ եղող բոլոր ցեղերի յարաբերութիւնները, նրանց ձգտումները. եւ եթէ վնասակարութեան մի փոքր նշոյլ են տեսնում՝ գիտեն, թէ ի՛նչ եղանակով պէտք էր կամ յարմար էր խեղդել նրանց ձգտումները, կամ բոլորովին ոչնչացնել…
ՐԱՖՖԻ
Համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած եւ ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» թերթին 2 Նոյեմբերի համարէն առնուած ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը առիթը ստեղծեց, որպէսզի թրքական պետութեան դիւանագիտական խորամանկութիւնը վերստին իր վրայ կեդրոնացնէ լուսարձակները։
«Ռուսաստանը ըստ երեւոյթին Թուրքիոյ թշնամին է» խորագրին տակ, ռուսաստանեան թերթին հայ աշխատակիցը՝ Եուրի Սիմոնեան բազմաձայն – ռուս, թուրք, վրացի եւ հայ վերլուծաբաններու մասնակցութեամբ – քննարկման նիւթ դարձուցած է Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ վերջերս հաստատուած լրացումներն ու բարեփոխումները՝ այդ երկրի Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան պաշտօնական ուղեգծին մէջ։
Յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար Թուրքիոյ ռազմավարական ուղենիշները ճշդող այդ փաստաթուղթին մէջ, Ռուսաստանի դիտանկիւնէն, յատկապէս ուշագրաւ է ցուցակը այն պետութիւններուն, որոնք կը նկատուին Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան ուղղակիօրէն սպառնալիք ներկայացնող երկիրներ։ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան «թշնամի երկիրներ»ու նախկին ցուցակէն նորահաստատ փաստաթուղթը դուրս հանած է, ի շարս Իրանի, Սուրիոյ եւ Պուլկարիոյ, Վրաստանն ու Հայաստանը, աւելցուցած է նորայայտ «թշնամի» մը՝ Իսրայէլը եւ, յատկանշականօրէն, անփոփոխ պահած է Ռուսաստանի յիշատակումը «Կարմիր ցուցակ»ին վրայ՝ իբրեւ ուղղակի վտանգ ներկայացնող երկրի…
Հայ ընթերցողին համար ինքնին շահեկան է, անշուշտ, քննարկումը Թուրքիոյ այսօրուան վարիչները առաջնորդող աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական մօտեցումներուն եւ ընդհանուր մտածողութեան։ Փաստօրէն նորահաստատ փաստաթուղթը ցոյց կու տայ, ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, մեծապետական գլխաւոր ուժի դիրքին տիրանալու թրքական պետութեան յաւակնութիւնն ու նկրտումները։
Բարացուցական է, որ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան մէջ կատարուած վերջին վերանայման համաձայն՝ «ուղղակի սպառնալիք ներկայացնող» եւ հաւանական «թշնամի» նկատուող երկիրներու ցուցակին մէջ, նախկինէն կարեւորութեամբ պահուած է Ռուսաստանի յիշատակումը, իսկ նորովի աւելցած է Իսրայէլը։ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»յի հրապարակած բազմաձայն քննարկման մասնակից վերլուծաբաններն ու մեկնաբանները, Թուրքիոյ բուն դիտաւորութեանց վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ արտայայտելով հանդերձ, ընդհանրապէս համամիտ են, որ որոշապէս Միացեալ Նահանգներու քաջալերանքով Թուրքիա լծուած է, իբրեւ ամերիկեան միաբեւեռ աշխարհակարգի հաւատարիմ դաշնակիցը, Իսլամական Արեւելքին առաջնորդող ուժը դառնալու ռազմավարութեան, աւելի ճիշդ՝ լարախաղացութեան… Իսկ այդ ճամբուն վրայ Թուրքիոյ յառաջխաղացքը յաջող աւարտի հասցնելու համար, անհրաժեշտ կը թուի ըլլալ Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի յիշատակումը՝ հաւանական վտանգներու շարքին։
Ամէն պարագայի, հայ ընթերցողին համար միաժամանակ ազգային–քաղաքական լուրջ մտահոգութեան աղբիւր է, Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան նորահաստատ փաստաթուղթին կողմէ, Հայաստանը «թշնամի» երկիրներու ցուցակէն դուրս բերելու, բայց Ռուսաստանը ըստ նախկինի «թշնամի»ներու շարքին պահելու մօտեցումը։
Փաստօրէն Թուրքիա ի գործ կը դնէ իր դիւանագիտական խորամանկութեան ամբողջ զինանոցը, որպէսզի արար–աշխարհին ներկայանայ բարեացակամ ուժի դիմայարդարումով եւ կարենայ, ռազմավարական համապատասխան այցետոմսով, մեծապետական իր նկրտումներուն առջեւ ուղի հարթել Անդրկովկասի մէջ։
Թուրքիա ուղղակի կը հեգնէ Հայաստանը, երբ մեր երկրին շուրջ իր հաստատած պաշարումը շարունակելով, ցամաքային սահմանը փակ պահելով եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւնները խզելով հանդերձ՝ Հայաստանը դուրս կը հանէ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան հաւանական վտանգ ներկայացնող պետութեանց ցուցակէն։
Թուրքիա նաեւ կը նախատէ հայ ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը, երբ Հայաստանը դուրս կը հանէ Թուրքիոյ թշնամի երկիրներու ցուցակէն ճիշդ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները 49 տարիով երկարաձգեցին ռուսական ռազմական խարիսխներուն ներկայութիւնը հայեւթուրք սահմանին վրայ։
Ի վերջոյ Հայաստանը ո՛չ մէկ բաղդատական եզրով կրնայ «վտանգ» ներկայացնել Թուրքիոյ համար. եւ նման ցուցակի վրայ Հայաստանի յայտնուիլը, խորհրդային ժամանակներէն, ինքնին ապացոյցն է թրքական խորամանկութեան ու կեղծիքի։
Աւելի՛ն. Թուրքիոյ խորամանկ այս քայլը ուղղուած է նոյնինքն այն ռազմավարական դաշինքին դէմ, որ Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի ամէնէն հաւատարիմ զինակիցը դարձուցած է Հայաստանը։ Եւ միայն հեգնական ժպիտի արժանի է թրքական ռազմավարութեան այն նորարարութիւնը, թէ Հայաստանը այլեւս դուրս պէտք է հանուի Թուրքիոյ հաւանական թշնամիներու ցուցակէն։
Եթէ մեծն Րաֆֆին մեր օրերուն ապրէր, վստահաբար այլեւս պիտի չըսէր, թէ հայը ընդհանրապէս արհամարհական կարծիք ունի Թուրքիոյ վարիչներուն մասին… Բայց անպայման պիտի կրկնէր եւ աւելիով շեշտէր, որ թրքական խորամանկութիւնն ու մաքիավելականութիւնը ո՛չ սահման կը ճանչնան եւ ոչ ալ կանգ կ՛առնեն յանցագործութեանց ու ոճրագործութեանց… ծանրագոյնին առջեւ։
Ամբողջ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելէ եւ գործադրելէ, Հայաստանը երկու երրորդով բռնագրաւելէ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանման ձեռնարկելէ ետք անգամ, Թուրքիոյ պետական վարիչները ի վիճակի են, դիւանագիտական ամենայն խորամանկութեամբ եւ լարախաղացութեամբ, քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայացնել Հայաստանը Թուրքիոյ թշնամի երկիրներու ցուցակէն իբր թէ դուրս հանող Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան կեղծիքը։
Տարբեր գնահատում կարելի չէ տալ Թուրքիոյ դիւանագիտական խորամանկութեան նորագոյն հնարքին։
Էապէս հայեւռուս զինակցութիւնը պառակտելու կոչուած է թրքական դիւանագիտութեան նոր կեղծիքը եւ կու գայ ամբողջացնելու, հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց առիթով Թուրքիոյ կողմէ շարժման մէջ դրուած, Հայաստանն ու Հայկական Սփիւռքը իրարմէ բաժնելու եւ իրարու հակադրելու թրքական ռազմավարութիւնը։