
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ըստ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներու, Թուրքիոյ բանտերուն գործունէութիւնը կարգաւորող օրէնսգիրքին մէջ Դեկտեմբեր 31էն սկսեալ ուժի մէջ մտնող փոփոխութիւններուն համաձայն, կալանաւորման առաւելագոյն ժամկէտը սահմանուած է 3 տարիով:
Սոյն իրաւա-օրէնսդրական փոփոխութիւնը ենթադրել կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջում նախապատրաստելու յանցանքով մեղադրուող «Էրկենեքոն» ահաբեկչական ազգայնական ծայրայեղ կազմակերպութեան մեղադրեալները, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննած ստահակ Օկիւն Սամասթը կրնան շահաւոր դուրս գալ։
Ըստ նոր օրէնքին, մինչեւ դատավարութեան աւարտն ու դատավճիռին հրապարակումը, մեղադրեալը պէտք չէ կալանաւորուած մնայ աւելի քան 3 տարի: Ատիկա կը նշանակէ, որ 2007 Յունուարին կալանաւորուած Օկիւն Սամասթը այս տարուան Դեկտեմբեր 31ին կրնայ յայտնուիլ ազատութեան մէջ։
Նշենք, որ Օկիւն Սամասթ Հրանդ Տինքը սպաննած էր 2007 Յունուար 19ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ: