(Ճորճ Ազատ Աբէլեանի Յիշատակին)
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
“The fact that men do not learn very much from The Lessons of History IS The most important of all the lessons that History has to teach.”
Aldous HUXLEY
Հայրս Լիբանանի ՀՅԴ Քրիստափոր կոմիտէութեան հաւատաւոր եւ երկարամեայ անդամներէն էր Պէյրութի մէջ։ Ան իր երեք զաւակներն ալ Ճեմարան ուղարկեց։ Անոր տեսիլքն էր ապագայի հայ «մարտիկներ» պատրաստուող սերունդ մը Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի շունչին ներքեւ։ Ակումբային եւ շարքային կեանքի մէջ երբէք չմտանք։
Քիչ ժամանակ ետք անդամագրուեցայ ՀՄԸՄի սկաուտ։ Այդ մէկը սխալ որոշում մըն էր. սրտովս չէր. խմբական կեանքին հետ խոտոր կը համեմատէր իմ ներքին առանձնայատուկ բնաշխարհս. շրջանին մէջ կայացած կարեւոր համերգներէն կը զրկուէի որպէսզի բանակումի երթալու պարտաւորութիւնս կատարած ըլլամ։ Չէի գանգատէր, բայց դժգոհ էի։ Իսկ երբ ջութակի դասերու սկսայ, մայրս ընդդիմացաւ որ շարունակեմ ՀՄԸՄի անդամակցութիւնս։ Այլեւս «երաժշտագրուած» էի – տեսակ մը զինուորագրութիւն։ Սկսայ կամաց կամաց Կոմիտասի գործին ծանօթանալ, ապա՝ «կոմիտասականանալ». ուստի չէի կրնար «երկու տիրոջ ծառայել»։ Մերժեցի նաեւ կուսակցական ակումբները ափ առնել, նաեւ դադրեցայ կիրակնօրեայ կրօնական դպրոցը յաճախելէ։ Ուսումը սակայն կենսական էր եւ հայրս ի վիճակի էր իր երեք զաւակներուն ուսում ջամբել։
Հօրս համար, որ իր ծոցի գրպանին մէջ մինչեւ վերջ պահեց Քիփլինկի «Եթէ…» քաջածանօթ քերթուածին հայերէն թարգմանութիւնը, կարեւորագոյնը Մարդ ըլլալն էր (ինչպէս Քիփլինկին գրութեան վերջին տողը կ՛ընդգծէր)՝ դպրոց-եկեղեցի-մշակոյթ (եթէ շնորհը ունիս) շրջագիծով։ Երրորդ գիծի վրայ միայն կու գար կուսակցութիւն-ակումբ-ժողովներու շարան գործունէութիւնը։
Իմ կեանքս այնուհետեւ ընթացաւ ուրոյն դիմագիծով։ Եւրոպա (Պէլճիքա) ուսանեցայ դեղագործութիւն, ապա՝ երաժշտագիտութիւն։ Իսկ 1985էն սկսեալ (Ցեղասպանութեան 70ամեակը) որոշեցի ձայնագրիչիս վրայ հաւաքել 1915ի սերունդէն վերապրողներու ողջ յիշատակարանը եւ ականատեսի վկայութիւնները, նաեւ, ի հարկէ ազգագրական երգերը որոնք դեռ չէին մոռցուած։ Ֆրանսայի Տէսին հայահոծ (Լիոնի շրջան) աւանի մէջ երգահաւաքի իմ տենդիս շատ մօտէն հետեւացաւ ընկերուհի Հիլտա Չոպոյեան, որուն կրկին կը յայտնեմ իմ երախտագիտութիւնս։ Հիլտան լաւ հասկցած էր իմ առաքելութիւնս. մեր հայրենիքը իւրացուցած թուրքը փճացուցած էր ամէն բան, ի մասնաւորի հայ գիւղացիութիւնը եւ պրպտող միտքը։ Նոր մշակներու կարիքը մեծ էր, որպէսզի, առ նուազն, դեռ ողջ մնացած իմացական-ազգագրական հարստութեան փշրանքներն ալ չփճանային։ Պատրաստ էի ամէն զոհողութիւն յանձն առնել այդ նպատակին համար։
Այս նորատեսակ զինուորագրութիւնս (կոմիտասեան ոճով) կուսակցականակորիզ չէր. ան կը հետապնդէր նոր ոճի մարտահրաւէր մը, հիմք ունենալով ուրոյն եռամիասնութիւն մը որ կարելի է բնորոշել հայ հող – հայ գիւղացի – հայ գեղջուկ երգը հիւսուած հայկական գաւառաբարբառի վրայ։ Այսպէս ուրեմն գոյացան անհամար ձայնագրութիւն-արձանագրութիւններ, որոնցմէ ամէնէն վաւերականներէն ըլլալով Բալուի երգերը, զանոնք լոյս ընծայեցի տարի մը առաջ։
Կոչումով եւ ճակատագիրով իմ ճշմարտութիւնը կը մնար նոյնը, այսինքն մեր սրբութիւններու հաւաքը, զտումը, ապա՝ անոնց նուիրաբերումը մեծ հարանքի եւ տանջամահու ենթարկուած մեր ժողովուրդին։
Եզակիօրէն արիւնաթաթաւ ճակատագիր ունեցող մեր ժողովուրդին հետ պէտք է վարուիլ խղճամտօրէն, պարտաւոր ենք ցուցաբերել իւրայատուկ գուրգուրանք, խորը ուսումնասիրել անոր էութիւնը, ծայրայեղութիւններով յատկանշուող իր ինքնութիւնը։
Մենք, դարերու ընթացքին, կորսնցուցած ըլլալով մեր անկախութիւնը՝ օտարահպատակ ըլլալու մատնուած, իմ խոր համոզումով, վերածուած ենք ԱՆՄԻæԱԿԱՆԱՊԱՇՏ ժողովուրդի մը։ Դարերով չենք ունեցած ազգակերտ կառավարութիւն, համազգային ղեկավարութիւն-իշխանութիւն։ Ամէն մէկ հայ, ուր ալ որ գտնուած է, փորձած է դառնալ ինքնաբաւ տիրող պայմաններուն ներքեւ։ Այսպէս, մեր իշխանաւորները, միշտ օտար պետութիւններէ դրդուած, միշտ հպատակ մնացած, չեն զարգացուցած սեփական երկիրը կառավարելու ունակութիւնը, իսկ ժողովուրդին բնական բնազդն ալ, իր մեծաւորին լսելու եւ հպատակելու, եղափոխութեան (evolution) ենթարկուած է՝ վերածուելով բնախօսական միւթասիոնի (mutation, ծինափոփոխութեան մէկ տեսակը) դարերու ընթացքին: Այսպէս օրինակ, մեր բուռն ընդվզումը տիրողին հանդէպ հասած է, մէկ կողմէ, հերոսական սխրանքի, արի նուիրագործութեան գերագոյն արարքի, իսկ, ասոր հակադիր ծայրայեղութեամբ՝ մեր հլու հանդուրժողականութիւնը, խորը նուաստացումի զգացումին ընկերանալով, պարտադրուած մեր վրայ իշխողներու կողմէ (հայ եւ ոչ հայ), վերածուած է ստրկամտութեան եւ աքլորամարտութեան (հայը հայուն դէմ ատելավառ նախանձ, ոխերիմ կեցուածք)։ Այսպէս, ափ մը հայերուս մէջ կը վխտան հայրենադաւ դաւաճանները (մանաւանդ դուրսէն դրդուած), բայց ունինք հրաշակերտ ազգային աննման առաքելատիպ կտրիճներն ու հերոսները եւս։ Կարելի է ընդլայնել այս տեսութիւնը եւ յանգիլ յաւելեալ եզրակացութիւններու. մեր հայ ղեկավարները, չկարենալով հայակերտիչ արդարամտութիւնը խիստ, անաչառ բայց պարտադիր սկզբունքներու ենթարկել, որդեգրել եւ կիրարկել, կորսնցուցած են ժողովուրդին վստահութիւնը եւ օգտագործելու ելած են անոր ստրկամտութիւնը։ 2010ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 19րդ տարեդարձին դեռ շա՜տ հեռու ենք արժանապատւութեան եւ նկարագրի յատկանիշները եղող արդարադատութենէն, ողջախոհութենէն, մանաւանդ տկարին պաշտպան կենալու ազգային /մարդկային ունակութենէն։ Հակառակի պէս, մեր դաժան եւ անողորմ ճակատագիրն ալ չէ օգնած որ մենք բնականօրէն ազատ բարգաւաճինք, տրուած ըլլալով մէկ կողմէ աղքատ թէեւ գեղեցիկ մեր երկրահողը, իսկ միւս կողմէ մեր «չքնաղ» (հասկնալ՝ նենգ) դրացիներով շրջապատուած ըլլալու ճակատագրական անբախտութիւնը թոյլ չէ տուած որ մարդավայել շունչ քաշենք, քանի որ թրքացեղ երկու դրացիները եւ մեր հիւսիսի անհաւատ խաչագողը, գաղտնի թէ բացայայտ՝ մի միայն մեր բնաջնջումը ուզած են Հայաստանը, առանց հայի, իրենց ենթակայ։
Դեռ չխօսինք բռնատիրութեան վերածուած համայնավարութեան չարիքներուն մասին, որ ազգային ջիղը սպաննեց եւ մարդկային փոխ-յարաբերութիւնները վերածեց բրտութեան, աւազակութեան, անհաւատարմութեան ամէնօրեայ պաշտամունքի։ Ո՞ւր է ազգային արժանապատւութիւնը ՀՀ ջոջերուն մօտ որոնք օրն ի բուն կը սնանին տոլարապաշտութեամբ, ի հեճուկս պարզ եւ հիմնակերտ ժողովուրդին։
Ցաւալի է նաեւ մեր անպայմանական օտարամոլութիւնը։ Մեզմէ շատ ու շատ տաղանդաւորներ կը ծառայեն օտարին՝ ներքին եւ ինքնադաւադիր անձնատուութեամբ. ոչ միայն օտար լեզուով, օտար ամուսնութեամբ, օտար հաստատութիւնները շէնցնելով, օտար երկինքներու տակ տաճարներ կառուցանելով, նաեւ տաղանդաշատ երաժիշտներ կը կլանուին օտարոտի հեշտապաշտամոլութեամբ, այլ կը տիրէ բոլորովին հեթանոս այն կարծիքը թէ մեր լեզուն այլեւս անօգուտ է մեզի (իմա՝ չէ՞ որ շահաբեր չէ), զայն կը ռուսացնենք առանց խղճմտանքի. համեստ քաջութիւնն ալ չունինք հարցնելու մեր արեւմտահայ եղբայրներուն՝ «արդեօք ի՞նչ բառ կը գործածէք մեր օգտագործած ռուսերէն այն ինչ բառին տեղ» – ասիկա ոչ միայն գերիացնող եւ նեխած օտարամոլութիւն է այլ, ամբարտաւան, կործանարար, անմիտ մեծամտութիւն, այսինքն՝ ճակատագրական տգիտութիւն եւ ազգային արժանապատւութեան ոտնակոխում ու արեւմտահայ սփիւռքահայութեան հանդէպ ամօթալի արհամարհանք։ Փա՞ստ. Սփիւռքէն հայրենիք հոսող նիւթականն է միայն որ հաշուի կ՛առնուի հայրենիքին համար. ինչո՞ւ նկատի չառնուիր նուիրեալ արեւմտահայ մարդուժը։ Իրարու ետեւէ դուրս նետուեցան (բառին կրաւորական եւ ներգործական իմաստներով) խոշորագոյն անհատականութիւններ՝ միայն նախանձի պատճառով, երկար տարիներ անոնցմէ օգտուելէ ետք տզրուկային ահագնութեամբ. թուե՞մ անունները Օհան Տուրեանէն մինչեւ Արամ Ղարաբեկեան, անցնելով մեծանուն Նիկողոս Թահմիզեանէն։ Անոնք միայն երաժիշտներ չեն այլ հազարաւոր ուղեղներ։ Կարծես խուլ դաւադրութիւն մը կայ որ կը ճգնի գլխատել հայրենիքը, պարպելով երկիրը իր գլխաւոր եւ արդիւնաբեր տարրերէն, որպէսզի միջակ եւ խեղճ ու անզօր մնացողներուն կարելի ըլլայ ճզմել եւ արիւնաքամ դարձնել։ Իւրաքանչիւր սրտցաւ հայրենաթող միեւնոյն նողկանքով կը պատմէ իր ապրածն ու տեսածը ազատ-անկախ հայրենիքէն, մինչեւ որ «օձիկը ազատած» երկրէն դուրս գայ։ Արդեօ՞ք այդպէս է։
Հիմա գանք կեդրոնական հարցին – ՀՅԴ, իր հիմնադրութեան 120րդ տարեդարձին առիթով, իբրեւ ազգակորիզ-ներգործական-կեդրոնաձիգ ուժ եւ ներուժ, ունի՞ պէտք եղած հնարքները, գոնէ մասամբ զսպելու այս համատարած օտարաբռնատիրութիւնը եւ սարսափելի խտրականութիւնը մեր իմացական երկնակամարին վրայ։ Թրքութեան կամ խորհրդային կարգերու պարտաւորութիւնները չկան այլեւս, բայց կան ու կը մնան օտարին խնկարկելու հայու կոյր, մոլեգին, մոլորեալ ներմղումը, եւ՝ նախանձը։ Կարելի չէ՞ դպրոց-ընտանիք-եկեղեցի կառոյցներու հզօր համագործակցութեամբ, միջկուսակցական գիտակից միակերտումով առաջացնել կեդրոնաձիգ համահայկական զօրաշարժ՝ բոլոր հայ կուսակցութիւններու, յարանուանութիւններու եւ անհատ ուժերու միջեւ։ Մեծ Եղեռնի 100ամեակը շատ մօտ է. ան միաժամանակ ՀՅԴեան 125ամեակը պիտի նշած ըլլայ։ Կը խնդրեմ Պր. Արամ Համբարեանէն իր ժամանակը եւ միջոցները շատ չվատնէ Քոնկրէսմէն մը աւելի շահելու մարմաջով, իբրեւ թէ Ցեղասպանութեան հաւատացող։ Ի դէպ, իմ մտերիմ ու խոր համոզմամբ, որքան ուշ համաշխարհային ճանաչման արժանանայ մեր Ցեղասպանութիւնը, այնքան աւելի լաւ պիտի պայքարինք անոր համար։ Քաջ իմանալով հայուն թեթեւամիտ եւ քիչ մըն ալ յեղյեղուկ բնաւորութիւնը, վախ կայ, ստոյգ վախ, որ, երբ ԱՄՆ, կամ Թուրքիան կամ Իսրայէլը «ա՛յո» ըսեն մեր Ցեղասպանութեան, յանկարծ պարապ մը ստեղծուի մեր շատերուն անմիջականամոլ մտահորիզոնին առաջ, կարծելով որ այլեւս հեռաւոր նպատակ չի մնար իրագործելի…, պարահանդէսները պաշտամունքի վայրի պիտի վերածուին, օտար ամուսնութիւնները պիտի տասնապատկուին եւ, ամէնէն սարսափելին՝ կռիւը պիտի ծայր տայ մեր իւրաքանչիւր հատուածի միջեւ՝ «մեզի կը պարտիք»ի պարծենկոտութեամբ յղփացած։ Լաւ պիտի ըլլայ որ դեռ երկար, կորովի պայքարինք բայց, մինչ այդ, պատրաստենք մեր համատեղ միասնակամ վերածնունդը, հայրենիքը ներառեալ, որոշելու եւ ծրագրելու համար թէ վերագտնուելիք քրտնաջան արդարութիւնը (եթէ երբէք…) ինչպէ՞ս փոխակերպել պահանջատիրութեան, ի՞նչ գործօններ զարգացնել Սեւրը իրագործելի դարձնելու համար։ Եւ մասամբ նորին։ Մինչ այդ՝ իրարու օգնենք զուսպ կերպով, փոխանակ գոռոզ աքլորամարտութիւններով մենք զմեզ նուաստացնելու. կրնա՞նք աճեցնել մեր հաստատամտութիւնը եւ չշփոթել զայն նախապաշարեալ կամակորութեան հետ. ստեղծագործ չարքաշութեամբ տոգորուինք եւ չսահինք հեշտամոլութեան գիրկը (շուտ հարստանալ-հաճոյք-փառք-բախտախաղամոլութիւն). բարիդրացնութեան նոր եւ հաստատուն հիմքեր մշակենք գալիք… թուրք եւ քիւրտ սերունդներուն հետ լեզու գտնելու՝ առանց նետուելու խելայեղօրէն անիրականանալի եւ կրքոտ ծայրայեղութիւններու գիրկը։ Մանաւանդ քաջալերենք տեսիլք ունեցող հայորդիները փոխանակ խոչնդոտելու անոնց վերելքը։
Միթէ կարո՞ղ ենք։ Կարո՞ղ ենք հիմնաւոր կերպով պատրաստուիլ, կառուցանել մեր ջանքերով գալիք, մօտալուտ, ճչացող, պահանջատէր, սահմռկեցուցիչ, անխուսափելի Ապրիլ 24, 2015ը՝ զայն վերածելով նոր Զարթօնքի։