ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 27ին խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանէն արտագաղթի թափը վերջերս դանդաղած է։
Վարչապետին խօսքով, Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի մշակումը ուղղուած է արտագաղթի աճի նուազեցման եւ հայերու՝ Սփիւռքէն հայրենիք վերադառնալուն: «Արդէն նկատւում է հայերի հոսք Միջին Ասիայից», յայտնած է վարչապետը ու ընդգծած, որ հայրենիք վերադարձած հայրենակիցներուն պէտք է նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերուի:
Պատգամաւոր Վիկտոր Դալլաքեան, իր կարգին, կատակի ձեւով նկատած է, որ Հայաստանը կը դասուի աշխարհի ծերացող երկիրներու խումբին մէջ, իսկ երկրէն արտագաղթողներու աւելի քան 50 տոկոսը 20-40 տարեկան է, ուր մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ երեխաները: