ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Պելճիքայի «Արաքս» մշակութային կենդրոնի նախագահ Հերմինէ Ազարեան, խօսելով հայ համայնքի իրական թիւի մասին, նշած է, որ Պելճիքայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը երկիրին մէջ գտնուող հայերու թիւի մասին պաշտօնական տուեալներ չէ տրամադրած եւ ներկայացուցած միայն Վալոնիոյ շրջանին մէջ բնակող հայերու թիւը՝ շուջ 2000:
Ըստ Հերմինէ Ազարեանի, Հայաստանէն Պելճիքա գաղթը 10-15 տարուան պատմութիւն ունի, եւ հայերը երկիրին ու հասարակութեան հետ յարմարուելու խնդիր ունին: Երկիրին մէջ բնակող հայերը գաղթած են ոչ միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ Պելճիքայի մէջ ժամանակին եղած են, սակայն այժմ չկան:
Պելճիքայի մէջ հայկական դպրոցները մէկօրեայ են՝ Անթվերպ քաղաքին մէջ կը գործեն 2 դպրոց, Լիէժի մէջ եւ Կանտի մէջ՝ մէկական, Մեխելենի մէջ 2 եւ Պրիւքսելի մէջ 3 դպրոց:
«Բելգիայում բնակուող հայերը գիտակցում են լեզուի իմացութեան կարեւորութիւնը, սակայն անկում կայ լեզուի գործածութեան եւ իմացութեան առումով», նշած է Հերմինէ Ազարեանը եւ հաղորդծ, որ իրենց դպրոցները միշտ ունեցած են 8էն 10 աշակերտ:
«Բելգիայի հայ համայնքը խայտաբղետ է, միաւորուած չէ, արեւելահայերի եւ արեւմտահայերի միջեւ անջրպետ կայ, սակայն արդէն նկատւում է համախմբման եւ միասնական գործելու ցանկութիւն», յայտնած է «Արաքս» մշակութային կեդրոնի տնօրէնը: