
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (AAMSC) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի առողջապահական տարեկան առաջին փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 6ին, «Փըսիֆիք» համայնքային կեդրոնին մէջ (501 S. Pacific Ave.), առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 3: Փառատօնին ձրիաբար կրնան մասնակցիլ քաղաքին բոլոր բնակիչները:
Փառատօնի մասնակիցները առիթը պիտի ունենան բժշկական շարք մը անվճար քննութեանց ենթարկուելու. տրամադրելի պիտի ըլլան առողջապահական շարք մը տեղեկութիւններ: Տարբեր լեզուներու տիրապետող օգնականներ պիտի ըլլան փառատօնին՝ անգլերէն չգիտցող քաղաքացիներու համար:
Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ուտեստեղէնի հիւրասիրութիւն եւ զուարճանքի ու ժամանցի առիթներ՝ ընտանիքի մը բոլոր անդամներուն համար:
«Բախտաւոր ենք, որ կ՛ապրինք բարձրորակ բժշկական կեդրոններ ունեցող Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Այս փառատօնին նպատակն է հասնիլ կարելի եղած չափով մեծ թիւով քաղաքացիներու կարիքներուն», կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբէն տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեան:
Հովանաւորներու շարքին են՝ Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը, Կլենտէյլի քաղաքի Համայնքային սպասարկութեանց եւ զբօսայգիներու բաժանմունքը, «Glendale Healthy Kids»ը, Կլենտէյլի «Adventist» առողջապահական կեդրոնը, «Glendale Memorial» հիւանդանոցն ու դարմանատունը, «Verdugo Hill» հիւանդանոցը, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը, Կլենտէյլի «Urgent Care» դեղարանը, Քալիֆորնիոյ «Chiropractic Care», «Massage Envy», «ARPI Home Health», Կլենտէյլ քաղաքի ջուրի եւ ուժանիւթի բաժանմունքը, «Specialty Eye Care», «Novartis», «Universal Diagnostic» տարրալուծարանը, «Anger Management 818», Հայ օգնութեան կեդրոնը, «Dreier՛s Nursing and Rehabilitation» կեդրոնը եւ «Լէյքսայտ» համայնքային առողջապահութեան կեդրոնը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 980-7777 հեռաձայնի թիւին կամ info@aamsc.com հասցէին, կամ այցելել www.aamsc.com համացանցային կայքէջը:
You’ve written such anusefularticle. Indeed this will be helpfulfor anyone who may find your blog. I would be please to share your topicsto my friends and colleagues. Please keep postinghigh quality articles like this one. If you’ll have some time, kindly check on world news trend and read trending topics – then perhaps leavea comment. Its a new site and looking for new guess who can post. The great thing also is that, the site is offering Profit Sharing to its contributors. You might want to visit worldnewstrend dot com. Let me know if you manage to check the site.
Thank you and a have a wonderfulday.
Wonderful post! You’ve created many rather interesting statements and I enjoy the time you’ve taken within your writing. It’s easy to see that you simply have an understanding of what you are discussing about.