
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիյէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ճօ Պաքայի հետ, որ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 43րդ ընտրատարածքը:
Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներ եւ համայնքային ղեկավարներ հանդիպման ընթացքին քննած են ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, որոնցմէ մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած ու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին հարցը:
«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Պաքային, որ արդէն իսկ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութիւնը մտահոգող հարցերուն: Ան մեր հանդիպման ընթացքին խոստացաւ ապագային աւելի գործօն դերակատար մը ըլլալ ամերիկահայութեան շահերը պաշտպանելու աշխատանքին մէջ», կը յայտնէ Սան Կապրիյէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Ճեք Հաճինեանը:
Յայտնենք, թէ առաջին անգամ 1999ին Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուած Պաքա առաջիններէն էր, որ որոշած էր հովանաւորել թիւ 252 բանաձեւը: