
ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Մանուկներու հայկական երգերու «Հոյ Լարի» խումբը Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին, երկու ելոյթներ պիտի ունենայ Նորթ Հոլիվուտի «El Portal» թատերասրահին մէջ, կ.ա. ժամը 11ին ու կ.ե. ժամը 3:30ին:
Խումբը նաեւ նոր երգերով խտասալիկ մը կը պատրաստէ՝ գործակցելով «Stereotrain Studios»ի Սեպուհ Սիմոնեանի հետ: «Խաղալու» կոչուող նոր խտասալիկին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 14ին:
«Հոյ Լարի» խումբին հիմնադիրներն են՝ Փաուլա Գասապեան եւ Ժանէթ Եթենեքեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.hoylari.com կամ www.itsmyseat.com կայքերը, եւ կամ դիմել (310) 600-0207 թիւին: