«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ լոյս տեսած է ամերիկահայ գրող եւ իրաւաբան Մարք Մուսթեանի «Ժանտարմը» վէպը, որ կը պատմէ «Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»։

Կը նշուի, որ վէպին մէջ միահիւսուած են ներկան ու անցեալը:
Վէպի գլխաւոր հերոսն է 92ամեայ թուրք զինուոր Էմմեթ Քոն, որ ծնած է օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, սակայն Կալիփոլիի ճակատամարտի ընթացքին վիրաւորուելէ ետք, սխալմամբ տեղափոխուած էր բրիտանական հիւանդանոց, ուր ապաքինած է, սակայն մասամբ կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը։ Քոն ամերիկացի բուժքրոջ մը հետ ամուսնանալով՝ հաստատուած է Ամերիկա։ Տասնեակ տարիներ ետք, Քոն կը սկսի տառապելու ուղեղի քաղցկեղէ. գիշերային մղձաւանջներու տեսքով Քոնի գիտակցութեան մէջ կը սկսին արթննալու յիշողութենէ դուրս մնացած իր կեանքի ահասարսուռ դրուագները, որոնց մէջ ան կը ներկայանար 17ամեայ թուրք զինուորի կերպարանքով եւ անմարդկային տանջանքներու կ՛ենթարկէր հայ գաղթականները, որոնք Թուրքիայէն տեղահանուելով՝ կը քշուէին դէպի Սուրիոյ անապատներ։ Վէպի աւարտին, 92ամեայ նախկին թուրք զինուորը կ՛եզրակացնէ, թէ ինք իր հիւանդութեան դիմաց նոյնքան առանձին է, ինչպէս հայերը առանձին էին՝ Թուրքիայէն դէպի Սուրիա երկարող մահուան գաղթի ճամբուն վրայ։