ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քաղաքական մարդը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ անակնկալներ դիմագրաւելու: Այդ անակնկալները կրնան ըլլալ յանկարծակի հանդիպումներու ընթացքին տրուած հարցումներու տեսքով, որոնք, գիտութեան այսօրուան նուաճումներէն ծնած սարքերով կրնան արձանագրուիլ, եւ նոյնիսկ՝ նկարահանուիլ:
Երեքշաբթի երեկոյեան, համացանցի վրայ զետեղուած «Եութուպ» (կարճ տեսաերիզ) մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտընը բռնած էր այդպիսի պահու մը, երբ ան, պատասխանելով ամերիկահայ երիտասարդի մը հարցումներուն՝ կը յայտնէր, թէ «Թուրքերը պէտք է ճանչնան իրականութիւնը»:
Պայտըն նաեւ երիտասարդ ամերիկահայուն յորդորած է հայ համայնքին տեղեկացնել, որ Հայաստանի նախագահը իրեն հեռաձայնած է ու ըսած. «Այս հարցը (Ցեղասպանութեան բանաձեւին քուէարկումը-«Ա») յառաջ մի տանիք հիմա, երբ մենք բանակցութիւններու մէջ ենք (Թուրքիոյ հետ «Ա»)»:
Այս «Եութուպ»ին ու անոր բովանդակութեան մասին լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Աստրախան գտնուող Հայաստանի նախագահը, իր մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեանի բերնով հերքեց փոխնախագահ Պայտընի խօսքը:
«Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը երբեւէ չի զանգահարել ԱՄՆ փոխնախագահ æօ Բայդենին: Վերջինիս նախաձեռնութեամբ, 2009ին կայացել է երկու հեռախօսազրոյց, որոնց ընթացքում Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը չի արել տեսանիւթում իրեն վերագրուող արտայայտութիւնն ուղղակի կամ անուղղակի: Հակառակը՝ բոլոր հանրային ելոյթներում եւ պաշտօնական հանդիպումների ընթացքում, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը կարեւորել է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը, եւ կոչ է արել չարդարացնել ճանաչման ձգձգումը Թուրքիայի հետ ընթացող բանակցութիւններով: Վստահ լինելով, որ Սպիտակ տունն իր տրամադրութեան տակ ունի ԱՄՆի փոխնախագահի պաշտօնական բոլոր հեռախօսազրոյցների սղագրութիւններն ու ձայնագրութիւնները՝ ՀՀ նախագահի աշխատակազմը պաշտօնապէս տալիս է իր համաձայնութիւնը հրապարակելու նշուած հեռախօսազրոյցի ձայնագրութիւնը», յայտարարած է Արմէն Արզումանեան:
Սպիտակ տունը, վստահ ենք, որ նման բան պիտի չընէ, պիտի չհրապարակէ Պայտընի եւ նախագահ Սարգսեանի հեռախօսազրոյցին սղագրութիւնը: Պայտընի պատասխանը, սակայն, կը հաստատէ այն բոլոր պնդումները, որոնք կատարուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու անոր Հայ Դատի յանձնախումբի խօսնակներուն կողմէ, ըստ որոնց, նախագահ Օպաման հայ-թրքական բանակցութիւններուն փաստը պիտի օգտագործէ՝ խուսափելու համար Պայտընի իսկ բանաձեւած իրականութիւնը ճանչնալու պարտաւորութենէն, Հայկական Ցեղասպանութիւնը անունով կոչելու իր խոստումէն: Պայտըն ա՛յդ ապացոյցն է, որ կու տայ իր հիմնաւորուած կամ անհիմն վերագրումով:
Պայտընի արդարացումը, սակայն, եթէ նոյնիսկ ճշմարիտ է, չ՛ազատեր զինք ու նախագահ Օպամայի վարչակազմը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը կատարելու պարտաւորութենէն: Պայտընի արդարացումը նաեւ, կրնայ պարզապէս տհաճ անակնկալի մը դիմաց անճրկումի արտայայտութիւն ըլլալ: