
ԱՍՏՐԱԽԱՆ.- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ ռուսական Աստրախան քաղաքին մէջ աւարտած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ՝ երէկ տեղի ունեցած ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրէն ներս եռակողմ հանդիպումը՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան, «Նախագահները քննարկել են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի մանրամասներ՝ բանակցային աշխատանքը մինչեւ Աստանայում կայանալիք ԵԱՀԿ գագաթնաժողովը շարունակելու եւ հիմնական սկզբունքների շուրջ փոխհամաձայնութեան գալու նպատակով: Պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել նաեւ մարդասիրական սկզբունքով ռազմագերիներին եւ զոհուածների դիերը փոխանակելու վերաբերեալ»:
«Փանորամա» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին համաձայն, նախագահ Մետվետեւ երէկուան եռակողմ հանդիպումը «շատ օգտակար» նկատած է: Մետվետեւ «ՌԻԱ» ռուսական լրատուական գործկալութեան յայտնած է, թէ կը յուսայ, որ մինչեւ մէկ ամիս, կողմերը համաձայնած կ՛ըլլան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներուն շուրջ:
«Ներկայիս կան հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներու շուրջ խնդիրներ, որոնք յետագայի խաղաղ համաձայնագիրի հիմք պիտի ըլլան: Այնուհանդերձ, մենք անցած ենք երկար ճանապարհ, ինչ որ թոյլ կու տայ յուսալ, որ եթէ կողմերը աւելի լաւ աշխատին յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, ապա մինչեւ Դեկտեմբեր 1-3, Աստանայի մէջ նախատեսուած ԵԱՀԿ վեհաժողովը, մենք պիտի կարենանք քննարկել կարգաւորման ընդհանուր սկզբունքներու համաձայնեցուած տարբերակը», յայտնած է Մետվետեւ:
«Այսօրուան հանդիպումը կը գնահատեմ՝ շատ օգտակար: Բոլոր պարագաներուն, բանակցութիւնները աւելի լաւ են, քան՝ թէժ պայքարը: Բայց ասոնք ոչ միայն բանակցութիւններ են, այլեւ՝ առաջ ընթանալու հնարաւորութիւն», յայտնած է Մետվետեւ՝ ըստ «Փանորամա»ի թղթակիցին:
«Ռուսիան պիտի շարունակէ իր ջանքերը, եւ կը կարծեմ, որ արդիւնքի կարելի է հասնիլ: Այդ հարցին մէջ առկայ է որոշ լաւատեսութիւն: Աշխատանքին գլխաւոր մասը տակաւին, ի հարկէ, մեր առջեւն է», նկատել տուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրին ղեկավարը:
Աստրախանի մէջ կայացած սոյն եռակողմ հանդիպումէն բխած է համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.
«Վերահաստատելով 2008 թուականի Նոյեմբերի 2ին Մոսկուայում ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան դրոյթները՝ նախագահները ընդգծեցին, որ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով հակամարտութեան կարգաւորումը պահանջում է հետագայ ջանքեր՝ հրադադարի ռեժիմի եւ ռազմական ոլորտում վստահութեան ամրապնդման միջոցների ամրապնդման ուղղութեամբ»:
Յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է նաեւ, որ այդ նպատակով, «Հայաստանի ու Ադրբեջանի նախագահները պայմանաւորուել են որպէս առաջին քայլ՝ անյապաղ իրականացնել ռազմագերիների փոխանակում եւ զոհուածների մարմինների վերադարձ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների եւ Կարմի խաչի միջազգային կոմիտէի աջակցութեամբ»:
Աստրախանի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ետք, երեք նախագահները «Էսփերանսա» անունը կրող նաւով զբօսնած են Վոլկա գետին վրայ: Զբօսանքէն ետք կը նախատեսուէր, որ նախագահները մասնակցին աշխատանքային ճաշի մը:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին փոխանցած է, թէ եռակողմ հանդիպումէն ետք բանակցութիւնները պիտի շարունակուին արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ: