ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի պետական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող լրատուամիջոցներու միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքի յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ, եւ աւելցուցած է, թէ Իրան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օժանդակելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, խօսելով Հայաստանի վարչապետի Իրան կատարած այցելութեան մասին՝ նշած է, որ այդ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք երկու երկիրներու համագործակցութիւնը խորացնելու կամքի վկայութիւնն են։