ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հայերը, յոյները եւ կաթոլիկները աղօթք պէտք է ընեն Աստուծոյ, որ Սուլթանը Կ. Պոլիս մնայ, որովհետեւ եթէ նա Ասիա անցնի, այսինքն՝ եթէ Եւրոպական Թուրքիան բոլորովին կորսնցնէ, այն ժամանակ անոր ատելութիւնը պիտի ծանրանայ Ասիոյ քրիստոնեաներուն վրայ»…
Աւստրօ–Հունգարական Կայսրութեան Լոնտոնի դեսպանին խորհուրդը՝ Խրիմեան Հայրիկին:
Երեւութապէս ամէն ինչ «սառած» է հայեւթուրք միջ–պետական յարաբերութեանց կարգաւորման ու բնականոնացման ճակատին վրայ։
Հայաստանի նախագահը ոչ միայն շատոնց սառեցուցած է Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց խորհրդարանական վաւերացման ընթացքը, այլեւ՝ յաճախակի առիթներ կը ստեղծէ, որպէսզի պաշտօնապէս դատապարտէ թրքական պետութեան կողմէ շարունակաբար կրկնուող… նախապայմանները՝ հայեւթուրք մերձեցման սայլը վերստին շարժման մէջ դնելու համար։
Բայց միայն երեւութապէս է սառեցումը, որովհետեւ Հայաստանի նախագահը դեռ յետս կոչած չէ Արձանագրութեանց տակ դրուած հայկական կողմի պաշտօնական ստորագրութիւնը եւ կը շարունակէ հետեւողականօրէն շեշտել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարած չեն իր նախաձեռնած ֆութպոլային դիւանագիտութենէն… եւ անոր հիմքին դրուած հայեւթուրք «մերձեցման» փիլիսոփայութենէն։
Այսինքն՝ կը բաւէ, որ Թուրքիա վաւերացնէ Արձանագրութիւնները, որպէսզի Հայաստան համապատասխան քայլի դիմէ եւ ներկայի սառած կէտէն անդին տանի հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման աշխատանքը։
Այսինքն՝ կը նշանակէ, որ Հայաստանի պետական ղեկին տակաւին կ՛իշխէ քաղաքական այն մտայնութիւնը, թէ Թուրքիոյ ուղղութեամբ բացուելու դիւանագիտութեան խելամիտ կիրարկման պարագային, հնարաւոր է տեղաշարժ մը իրականացնել՝ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը բարեփոխելու առումով։
Կը նշանակէ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, որ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց վաւերացումը սառեցուած ըլլալով հանդերձ՝ սառած չէ բանավէճը հայ քաղաքական միտքը ներքնապէս խոցող ՀՀ այսօրուան իշխանութեանց զիջումի քաղաքականութեան շուրջ։
Թրքական կողմի գործածած նախապայմաններու լեզուն մերժելու եւ դատապարտելու իրենց վերջին շրջանի կարծրացումով հանդերձ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն գործել այն համոզումով, թէ Թուրքիան պետականօրէն առաջնորդող «հակահայ շովինիզմը» չի կրնար շարունակուիլ 21րդ դարուն եւ Անգարա ի վերջոյ պիտի հրաժարի այդ քաղաքականութենէն։
Հիմք կա՞յ այդպիսի համոզում մը գոյացնելու համար։
Անշուշտ որ չկա՛յ։
Բայց կայ եւ ՀՀ այսօրուան իշխանութեանց ղեկին կը փայփայուի այն պատրանքը, թէ միջազգային ներկայ պայմաններուն մէջ եւ «քաղաքական առուտուրի շուկան» առաջնորդող փոխ–զիջումնային քայլերու օրինաչափութեամբ՝ Հայաստան կրնայ դիւանագիտական բաւարար ճնշումի տակ առնել Թուրքիան, որպէսզի Անգարա ստիպուի վերաբանալ Հայաստանի հետ սահմանը եւ վերադառնալ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութեանց։
Խորքին մէջ հայ ժողովուրդի ազգային հիմնական շահերէն ու պահանջներէն որոշակի եւ այսպէս կոչուած «ընդունելի» կամ «անխուսափելի» զիջումներ կատարելու պատրաստակամութեան ծնունդ է այդ պատրանքը, որուն ներշնչման աղբիւրը նոյնինքն Հայաստանի նախագահին ֆութպոլային դիւանագիտութիւնն է։
Մինչդեռ թրքական կողմին համար ոչ միայն չկայ զիջումի կամ փոխ–զիջումի դոյզն պատրաստակամութիւն, այլեւ կայ ու վերանորոգ վճռակամութեամբ եւ նորօրեայ տարազումով յառաջ կը մղուի հակահայ թուրք պետական դարաւոր քաղաքականութիւնը։
Թուրք պետական մտածողութեան մէջ Հայկական Հարցը այն խորունկ վէրքն է, որ եթէ արմատական վիրահատման չենթարկուի ի սպաս թրքական «շահերուն», կրնայ թունաւորել ամբողջ թուրք պետականութիւնը եւ սպառնալ նոյնինքն Թուրքիոյ ներկայ սահմաններով գոյութեան։
Ի վերջոյ Թուրքիոյ վարիչներուն հանգիստ չեն տար պարբերաբար, հոսկէ կամ հոնկէ, կատարուող եւ Սեւրի Դաշնագրին վերակենդանացման վերաբերեալ ակնարկութիւնները։ Քրտական Հարցին թէ Հայ Դատին առիթով հնչեն նման ձայները, փաստօրէն անձկութեան կը մատնեն թրքական պետութիւնը, որ ամէն պատճառ ունի կենաց–մահու հարց նկատելու յատկապէս հայկական թղթածրարին վերջնական փակումը… ի նպաստ Թուրքիոյ անպարտ արձակումին։
Իսկ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումին յանգած Հայաստան–Թուրքիա միջ–պետական դիւանագիտական շփումները այն դաշտն են, ուր Անգարայի վարիչները հայկական թղթածրարը վերջնականապէս փակելու… ֆութպոլը կ՛ուզեն խաղալ։
Հայաստանի իշխանութեանց ղեկին կանգնած քաղաքական մտայնութիւնն է, որ համապատասխան ընկալումը չունի Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան այս աստիճան խոր արմատներուն։
Թուրք պետական մտածողութիւնը հիմնական զիջումներ կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութենէն, որպէսզի սահմանը վերաբանայ կամ վերադառնայ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութեանց։
Եւ այդ զիջումներուն կիզակէտը Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ պետականօրէն եւ պաշտօնապէս հրաժարումն է Հայ Դատի պահանջատիրութենէն, որպէսզի Թուրքիա կարենայ Հայասպանութեան ճամբով իր պարտադրած հայկական հողերուն իրողական իւրացումը նաեւ իրաւականօրէն ամրագրել՝ նոյնինքն վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրուած միջազգային փաստաթուղթով։
Ահա՛ նման զիջումի վտանգն է, որ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց նոյնիսկ սառած վիճակով դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած կը մնայ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի վրայ։
Ա՛յն ժամանակէն, երբ թրքական պետութիւնը ստիպուեցաւ իր փէշերը հաւաքել եւ քաշուիլ Եւրոպայէն, այդ ժամանակէն թուրք պետական մտածողութիւնը իր առջեւ դրած է Հայաստանը առանց հայու իր մականին տակ առնելու մեծ խնդիրը։
Եւ եթէ ատենին եւրոպացի դիւանագէտները Խրիմեան Հայրիկին կը յորդորէին, որ Աստուծոյ աղօթենք, որպէսզի «Սուլթանը չհեռանայ Կ. Պոլիսէն», մեծապետական քաղաքականութեան այսօրուան ձեռնասունները Հայաստանի նախագահին կը դնեն դիւանագիտական այն ճնշումին տակ, որ մեր թուրք հարեւաններուն հետ հաշտութեան առաջին քայլը հայ ժողովուրդը ինք նետէ՝ հայապատկան մեր հողերուն պահանջատիրութենէն զիջելով։
Վստահաբար մեծապետական աշխարհը անօգուտ կը համարէ հաշտութեան իր յորդորը ուղղել Թուրքիոյ, որ շատոնց կատարած է իր յանցագործ ընտրանքը՝ մինչեւ իսկ ցեղասպանութեան գնով յառաջ մղելով Հայաստանը հայութենէ պարպելու եւ յափշտակելու իր պետական ծրագիրը։
Բայց իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամէն իրաւունք, նաեւ ամէն պատճառ ունի մեծապետական աշխարհին լսելի ու հասկնալի դարձնելու, որ «հայկական թղթածրար»ը վերջնականապէս փակելու միայն մէկ ու միակ ուղի գոյութիւն ունի, որ Արդարութեան եւ Իրաւունքի ամբողջական վերականգնումով պայմանաւորուած է։