
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ա.» դասի միջազգային կարգի ճատրակի մրցավար Արմէն Նիկողոսեան, Հոկտեմբեր 27ին յայտնած է, թէ Լեւոն Արոնեան եւ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Վիշի Անանտ, Նոյեմբեր 1ին պիտի գլխաւորեն ՖԻԴԷի վարկանիշներուն ցուցակը:
Նիկողոսեանի խօսքով, ՖԻԴԷի կայքէջին մէջ զետեղուած վարկանիշներու հաշուարկներէն յստակացած է, թէ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին, Լեւոն Արոնեանի վարկանիշը բարձրացած է 21 կէտով, իսկ Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ՝ պիտի կազմէ 2804:
Նոյն ժամանակահատուածին, աշխարհի ախոյեան Անանտ իր վարկանիշը բարձրացուցած է 4 կէտով՝ նաեւ հասնելով 2804ի:
Նշենք, որ Նորվեկիացի Մաքնուս Կարլսեն, որ կը գլխաւորէ ՖԻԴԷի վարկանիշներուն ցանկը, վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին կրած է զգալի կորուստ: Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ, ան պիտի ըլլայ երրորդը՝ Արոնեանի եւ Անանտի զիջելով 2 կէտ: