ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 26ին, Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) անդամ Սամուէլ Բալասանեան, Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է, թէ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ սկիզբ առած է նոր փուլ մը։
«Ալիեւը փորձում է ատրպեճանական սուտը միջազգային հանրութեանը ներկայացնել որպէս ճշմարտութիւն, աշխարհում եւ իր երկրում հակահայկական «հիսթերիա» առաջացնել», ընդգծած է Բալասանեան՝ աւելցնելով, որ ԲՀ կուսակցութիւնը տուեալ դիրքորոշումը կ՛որակէ իբրեւ սպառնալիք Հայաստանի ազգային անվտանգութեան դէմ:
Բալասանեան ԲՀԿի անունով կոչ ըրած է որ քայլեր առնուին՝ չէզոքացնելու Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենան, որպէսզի աշխարհին ցոյց տրուի Ատրպէյճանի իսկական դէմքը: Այդ գործին մէջ Բալասանեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ կառավարող միասնութեան համախմբուելու կոչ ըրած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.