ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Աշոտ Աստաբացեանի, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յանձնած են Ատրպէյճանի մէջ մահացած Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան վկայականը, որ, ըստ ընդունուած կարգի, կը փոխանցուի Մանուէլ Սարիբէկեանի հարազատներուն:
Կարմիր Խաչի աշխատակիցը նաեւ նշած է, որ ԿԽՄԿն գաղտնիութեան սկզբունքով կը շարունակէ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, ռազմագերիներու հայրենադարձման ուղղութեամբ, եւ այդ երկխօսութեան մաս կը կազմէ Մանուէլ Սարիբէկեանի դիակին հայրենադարձումը:
Նշենք, որ ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ «տիվերսանթ» որակուած Մանուէլ Սարիբէկեանը, Պաքուէն ստացուած լուրերուն համաձայն, Հոկտեմբեր 5ին ինքնասպանութիւն գործած է: Ըստ հաղորդագրութեան, Մ. Սարիբէկեանի պարանոցին վրայ յայտնաբերուած է կախուելու հետք, իսկ դատաբժշկական փորձաքննութիւնը անոր մարմինին վրայ բռնութեան հետքեր չէ գտած:
Սարիբէկեան ձերբակալուած էր ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 11ին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ: Ատրպեճանական կողմը զայն որակած էր հայ «տիվերսանթ», իսկ ձերբակալումէն ետք, «ANS» հեռատեսիլի կայանը ցուցադրած էր հոլովակ մը, ուր Մանուէլ Սարիբէկեան կը խոստովանէր, թէ «Ատրպէյճանի տարածքում դիվերսիոն գործունէութիւն կատարելու համար պատրաստութիւն է անցել»: Հոլովակը յայտնուած էր նաեւ YouTube-ի վրայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, Մանուէլ Սարիբէկեան եղած է մոլորուած հովիւ մը, իսկ անոր «իբրեւ հայ տիվերսանթ ներկայացնելու փորձերը՝ ատրպեճանական քարոզչամեքենայի հերթական պարզունակ քայլն է»:
Նախարարութիւնը նաեւ նշած էր, թէ տեսահոլովակին փորձաքննութենէն յստակ կ՛երեւի, որ անիկա նկարուած է հոգեբանական եւ մարմնական ճնշումներու տակ, յատուկ միջոցներու կիրառման իբրեւ հետեւանք:
Հայկական կողմը ուղերձ յղած է ՄԱԿին, Եւրոմիութեան, Եւրոպական Խորհուրդին եւ ԵԱՀԿին՝ պահանջելով, որ հայ փորձագէտը եւս մասնակցի Մանուէլ Սարիբէկեանի դիակի փորձաքննութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.