ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար տօնական օր մը եղաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 17, 2010ը։ Հակառակ կլիմայի աննպաստ պայմաններուն, եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։
Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագը մատոյց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, առընթերակայ եւ Ս. սեղանին սպասարկող ունենալով եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը։
Յընթացս Ս. պատարագին եւ նախքան քարոզը, «Զորս ըստ պատկերի քում ստեղծեր» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով բեմէն ատեան առաջնորդուեցաւ եւ ատեանին առջեւ դրուած Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի երկու մեծ սրբապատկերները, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի, Ս. Ստեփանոս սարկաւագի, մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի փոքր պատկերները օծեց։ Հոգեւոր խանդավառութիւն կը տիրէր բոլոր հաւատացեալներու սրտին մէջ, մանաւանդ սրբապատկերներու նուիրատուներուն՝ տէր եւ տիկին Մեսրոպ եւ Անահիտ Աբրահամեաններուն, տէր եւ տիկին Սահակ եւ Լուսինէ Մանուէլեաններուն ու տէր եւ տիկին Մայք եւ Վարդուկ Վանլեաններուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան։ Սրբանկարներու բարերարներէն է նաեւ Թանիա Փափազեանը։
Իր քարոզին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը, անդրադառնալով Մշակոյթի ամսուան ընթացքին Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերներու օծման՝ ըսաւ. «Անոնք մեր ժողովուրդի զաւակները առաջնորդեցին եւ մեր ազգը հիմնաւորեցին։ Հայ ժողովուրդը հոգեպէս զինեցին հայ գրականութեան թարգմանութեամբ։ Այս պատկերներու ընդմէջէն սուրբերու բարեխօսութիւնը պիտի խնդրենք, որպէսզի մեր խնդրանքները արագ հասնին Աստուծոյ»։
Սրբազան հայրը, ակնարկելով օրուան Աւետարանի ընթերցումին, ուր Յիսուս կը մէջբերէր Եսայի մարգարէին խօսքը՝ «Տիրոջ Հոգին վրաս է, որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, աւետելու, թէ գերիները պիտի ազատագրուին, կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին, հարստահարուածները պիտի ազատին, եւ յայտարարելու, թէ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը», մաղթեց որ Տիրոջ հոգին մեզի հետ ըլլայ։ Ան ըսաւ. «Աստուած արեւը կը ծագեցնէ արդարներուն եւ մեղաւորներուն, ու կը համբերէ մինչեւ բոլորը Աստուծոյ փրկութեան աւետիսը լսեն եւ Աստուծոյ դարձի գան»։
Առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ օրհնեց նուիրատուները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.