ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է հինգ կասկածելիներ, «Քայիտա»ին դրամ փոխանցելու յանցանքով: Անոնց ղեկավարը կը նկատուի «Սեպտեմբեր 9» համալսարանի թուաբանութեան կաճառի ուսանող մը, որ դրամները փոխանցած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջոցով։
Կեսարիոյ մէջ գտնուող ենթակային բնակարանին մէջ յայտնաբերուած են ռումբ պատրաստելու անհրաժեշտ նիւթեր եւ սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան անօդաչու օդանաւերու հարուածներ հասցնելու ծրագիրներ։
Բացայայտուած են նաեւ Աֆղանիստանի մէջ թուրքերէ կազմուած խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավար Ապու Զառի մասին տեղեկութիւններ։
«Վերջերս, յատուկ ծառայութիւնները Ատրպէյճանի մէջ «Քայիտա»ի գործունէութեան դէմ շարք մը գործողութիւններ կատարած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճանը կը գտնուի միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ծիրին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ ի յայտ եկած այդ փաստը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունին ահաբեկչական բջիջներուն դրամ փոխանցելու բազմաթիւ ուղիներ», ըսած է թուրք պաշտօնատար մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.