ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Քրիսթին Լակարտ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի մէջ հանգստեան կոչուելու տարիքը 60էն 62ի բարձրացնելու որոշումին դէմ զանգուածային գործադուլը ազգային տնտեսութեան օրական շուրջ 562 միլիոն տոլարի վնաս կը պատճառէ։
Ֆրանսայի քարիւղի 12 զտարանները Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին շարունակեցին փակ մնալ։ Շուրջ տասը հազար թոն աղբ կուտակուած կը մնայ Մարսէյի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, իսկ Փարիզի մուտքին գտնուող աղբի հրկիզման գործարան մը փակուած է։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը պնդէ, որ թոշակառութեան համակարգը փրկելու համար, հանգստեան կոչուելու տարիքը պէտք է բարձրացուի։ Աշխատաւորական միութիւնները, իրենց կարգին, կը պնդեն, որ այդ մէկը անընդունելի է:
Յայտնենք, թէ խորհրդարանի օրինակին հետեւելով՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ուրբաթ օր 177 թեր եւ 153 դէմ քուէներով որդեգրեց նախագահ Սարքոզիի առաջարկը։ Խորհրդարանէն եւ Ծերակոյտէն օրէնսդիրներ կը ջանան օրինագիծին վերջնական տարբերակի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
Մինչ այդ, աշխատաւորական միութիւնները արդէն իսկ յայտարարած են, որ Հինգշաբթի օր եւ Նոյեմբեր 6ին Ֆրանսայի տարածքին նոր գործադուլներ տեղի պիտի ունենան։
Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարարը յայտնեց, որ գործադուլները վնաս կը պատճառեն նաեւ Ֆրանսայի կերպարին։ Ան ըսաւ, որ օտար լրատուամիջոցներ շարունակ ֆրանսական ցոյցերէն նկարներ կը սփռեն։ «Երկրին քաշողականութիւնը հարցականի տակ կը դրուի», ըսաւ Լակարտ։
Միւս կողմէ, «Ժուրնալ տը Տիմանշ» թերթը հաղորդեց, որ 2012ին վերընտրութեան մասին մտածող նախագահ Սարքոզիի ժողովրդականութիւնը անկում կրելով՝ իջած է 29 առ հարիւրի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.