ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ճիհան» գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ «Հզօր Թուրքիա» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի հանրաքուէ մը կազմակերպելու Կարսի մէջ, հայ-թրքական սահմանը բանալու հարցի առնչութեամբ։ Կուսակցութեան առաջնորդ Թունա Պեքլեւիչ յայտնեց, որ քուէատուփ մը պիտի զետեղեն քաղաքի կեդրոնը: «Թող մարդիկ գան ու քուէարկեն։ Թող ըսեն այո կամ ոչ։ Սակայն մենք վստահ ենք, որ կարսեցիներ այո պիտի ըսեն», յայտարարած է Պեքլեւիչ, որ վերջերս յայտարարած էր, թէ խումբ մը կուսակցիներու հետ սահմանին միւս կողմը անցած էր, լուր մը, որ աւելի ուշ հերքուեցաւ սահմանապահներուն կողմէ: Ընդգծելով, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը ժխտական ազդեցութիւն պիտի չգործէ Ատրպէյճանի վրայ, Պեքլեւիչ ըսած է, որ Կովկասը պիտի դառնայ կայուն տարածքաշրջան մը եւ սահմանի բացումը պիտի նպաստէ Ղարաբաղի հարցի լուծման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.