ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ինթերհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ մինչ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ այցագրային դրութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, Պաքու որոշած է ջնջել Թուրքիոյ հետ այցագրային պարզեցուած համակարգը։
Թրքական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Թուրքիոյ քաղաքացիները չեն կրնար Ատրպէյճան այցելել, առանց նախապէս այցագիր ստանալու։
Նախապէս Թուրքիոյ քաղաքացիները այցագիր կրնային ստանալ Ատրպէյճանի օդակայանին մէջ, իսկ հիմա ստիպուած պիտի ըլլան զայն Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունէն ստանալու։
Թրքական լրատուամիջոցները այս որոշումը «ցնցի»չ որակած են եւ ընդգծած են, որ ատիկա կրնայ վնաս հասցնել երկու «եղբայր» երկիրներու յարաբերութիւններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.