ՄՈՆՏՐՕ, Զուիցերիա, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 23-24ին, զուիցերիական Մոնտրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսախօս երկիրներու «Ֆրանքոֆոնիա» կազմակերպութեան 13րդ գագաթնաժողովը, որ կայացած է կազմակերպութեան 40ամեակին ծիրէն ներս: Ժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի ԱԳ նախարարը ելոյթ ունենալով՝ գագաթնաժողովի ընթացքին կարեւոր համարած է Ֆրանքոֆոնիայի ծիրէն ներս համագործակցութիւնը եւ կազմակերպութեան դերը՝ բազմամշակութային երկխօսութեան միջոցով ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Է. Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնած է 2011ին Ֆրանքոֆոն քաղաքներու գլխաւոր խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ իրականացնելու որոշումին առթիւ, եւ ընդգծած, որ այդ որոշումը նաեւ կազմակերպութեան իւրայատուկ գնահատականն է Հայաստանին, իբրեւ՝ գործօն անդամի եւ վստահելի գործընկերոջ:
Ֆրանքոֆոնիայի վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ընդգրկուած է արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ դրոյթ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Մենք կը վերահաստատենք մեր անվերապահ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Մենք կոչ կ՛ընենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն ձեռնպահ մնալու ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն, որ կը վտանգէ խաղաղ գործընթացի ապագան: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք շարունակելու բանակցութիւնները Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկած սկզբունքներուն ամբողջութեան հիման վրայ, իբրեւ այս հակամարտութեան հաւասարակշռուած եւ երկարատեւ կարգաւորման հիմք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.