
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիա հաստատուած Ժառանգութեան համաշխարհային հիմնադրամը հրապարակած է աշխարհի տարածքին ոչնչացման շեմին գտնուող 12 յուշակոթողներու ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Անի քաղաքը։
«Պաշտպանել մեր ոչնչացող ժառանգութիւնը» խորագիրով զեկոյցին մէջ կը նշուի, թէ թրքական իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն, Անիի աւերակները վերջնական կործանումէ փրկելու համար։
«10-11րդ դարերուն հայերու հիմնադրած Անին իր նմանը չունեցող հայկական մեծ քաղաքակրթութեան կոթող է։ Այսօր Անի քաղաքը, որ մեծ մասամբ վերածուած է աւերակներու, կը պատմէ ողբերգութեան մը մասին. ան բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է յարձակումներու, իսկ հայերը թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝ 14րդ դարուն, ստիպուած եղան լքելու քաղաքը։ Այդ ժամանակներէն ի վեր Անին անպաշտպան մնաց մարդոց դէմ եւ փորձեց ինքզինք պաշտպանել թալանողներէ եւ վանտալներէ, սակայն անոր գեղեցկութեան մեծ մասը պահպանուած է։ Աւերակներուն մէջ գտնուող գլխաւոր եւ ամենաազդեցիկ կառոյցը 1001ին կառուցուած Անիի Մայր տաճարն է, որուն գոթական ոճը տարածում գտաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Անին վերջնական կործանումէ փրկելու համար, անյապաղ պէտք է միջոցներու ձեռնարկել», նշուած է զեկոյցին մէջ։
Երկու էջերէ բաղկացած զեկոյցին մէջ «Անբաւարար ուշադրութիւն» բաժինով կը նշուի, որ շատ յաճախ «վերանորոգում» անուան տակ կը կատարուին քայլեր, որոնք բացասական արդիւնք կու տան։
«Անի ժամանող զբօսաշրջիկները շատ փոքր յարգանք կը ցուցաբերեն այդ պատմական եւ մշակութային արժէքին նկատմամբ։ Բացի ատկէ, Անին կը վնասեն այդտեղ խնճոյքներ կազմակերպողները», նշուած է զեկոյցին մէջ։
Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ Անիի մէջ նորոգութիւնները արհեստավարժ ու մասնագիտական մօտեցումով չեն կատարուիր, իսկ վայրը պետական պաշտպանութեան տակ չէ դրուած:
«Անհրաժեշտ է, որ գործի լծուին արհեստավարժ մասնագէտներ, որոնք պիտի փրկեն ո՛չ միայն Անիի աւերակները, այլ նաեւ ամբողջ շրջապատը», կը նշուի զեկոյցին մէջ: