
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի «Տարածաշրջանային զինաթափումն ու ապահովութիւնը» խորագիրով քննարկումներուն, ի թիւս կազմակերպութեան այլ անդամ-երկիրներու, Հոկտեմբեր 21ին եւ 22ին ելոյթներ ունեցած են նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը: Վերջինիս ներկայացուցիչին ընթերցած յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն դուրս էր քննարկման նիւթէն եւ գրեթէ բառացիօրէն կը կրկնէր անցեալ տարիներուն ատրպեճանական քարոզչական զինանոցի ծեծուած փաստարկները՝ Հայաստանի այսպէս կոչուած՝ «յարձակողապաշտ», «բռնագրաւումի քաղաքականութեան», «ցեղային զտումներու» մասին:
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը նախ անդրադարձած է ՄԱԿի զինաթափման օրակարգին մէջ վերջին ամիսներուն արձանագրուած ձեռքբերումներուն՝ յայտնելով այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն Հայաստանի անվերապահ աջակցութիւնը եւ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը: Անդրադառնալով հարաւային Կովկասի ապահովութեան հարցերուն՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը կարեւոր համարած է զինաթափման բնագաւառին մէջ միջազգային յանձնառութիւններուն անվերապահ ու լիակատար իրականացումը եւ ընդգծած առկայ սպառազինութիւններուն վազքի վտանգը՝ միջազգային ու տարածաշրջանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն:
Ելոյթներուն յաջորդած քննարկման ընթացքին, Հայաստանի պատուիրակութիւնը անդրադարձած է նաեւ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու Ատրպէյճանի փորձերուն՝ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով այդ երկրի ռազմական ամավարկի աննախադէպ աճին եւ 2000էն ի վեր սպառազինութեան թափանցիկութեան ապահովման ուղղուած ՄԱԿի տարեկան զեկոյցներուն համապատասխան տեղեկատուութիւն չտրամադրելու փաստերուն: Պատուիրակութիւնը ընդգծած է, որ հարեւան երկրի նման քաղաքականութիւնը աւելի կը վտանգէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը՝ փակուղի տանելով առկայ հիմնախնդիրներուն լուծման ուղղուած միջազգային ջանքերը:
ՄԱԿի մէջ պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուած է այդ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի «Աւանդական սպառազինութիւններու վերահսկումը տարածաշրջանային եւ ենթատարածաշրջանային մակարդակներուն մէջ» խորագիրը կրող զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի մէջ սպառազինութիւններու պայմանագիրի խախտման խնդիրին: