
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիէն ետք, Տիգրանակերտի մայր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, երկու տարի առաջ սկսած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Այս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1367ին եւ կը նկատուի Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին, 1980էն ի վեր փակ կը մնար։ Եկեղեցին «Սիւմերպանք»ի կողմէ ժամանակ մը իբրեւ շտեմարան գործածուած էր: Յետագային, անխնամ մնալու հետեւանքով եկեղեցիին տանիքը փուլ եկած էր, սիւները քայքայուած էին, իսկ ներքին մասը անձրեւի եւ խոնաւութեան պատճառով՝ փճացած։
Այս եկեղեցւոյ նորոգութեան համար նախատեսուեցաւ 2.5 միլիոն տոլար, որուն 70 առ հարիւրը պիտի ապահովուէր հայ համայնքի, իսկ 30 առ հարիւրը՝ Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան կողմէ։
Շաբաթ Հոկտեմբեր 23ին, Տիգրանակերտ ժամանեց բնիկ տիգրանակերտցի՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը, որուն կ՛ընկերանային եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թեքին Բապուչեան, տիգրանակերտցի գրագէտ Մկրտիչ Մարկոսեան, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն, Սուրիայէն ու Եւրոպայէն ժամանած հայ ուխտաւորներ։ Հոն ներկայ էին Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ այլ պաշտօնատարներ։
Արամ սրբազան եկեղեցւոյ մէջ աղօթք արտասանեց, մաղթելով որ մօտաւոր ապագային այս եկեղեցին բացուի պաշտամունքի համար։
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Արամ սրբազան յայտնեց, թէ իր մկրտութիւնը կատարուած է այս եկեղեցիին մէջ, եւ թէ տօնական օրերուն այս եկեղեցւոյ մէջ տեղ գտնելու համար հոս կը գիշերէին։ Ան ըսաւ. «Մեր նախնիներու հոգին այս տարածքին մէջ կը սաւառնի», աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ նորոգութեան համար ամբողջ աշխարհի հայութենէն զօրակցութիւն խնդրած են ու մինչեւ այսօր այս ծրագիրի իրականացման ճամբուն վրայ բաւական ճամբայ հարթած են. այս նորոգութիւններու ծիրէն ներս կարեւոր է գլխաւորաբար տանիքի նորոգութիւնը։
Արամ սրբազան նշեց, որ ինչպէս Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, նոյնպէս Տիգրանակերտի այս եկեղեցին պիտի բարենորոգուի եւ հանդիսաւորապէս պիտի բացուի պաշտամունքի։ «Երջանիկ ենք, որ այս եկեղեցին մերն է, մեր ձեռքէն չէ առնուած։ Յառաջիկայ տարի կը յուսամ, որ մեծ բազմութիւններով այստեղ պաշտամունք կը կատարենք», ըսաւ Արամ սրբազան։
Իսկ Օսման Պայտեմիր, նախ քրտերէնով, ապա թրքերէնով արտայայտութիւն ունեցաւ։ Եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի պահը զուգադիպեցաւ մզկիթի մէջ աղօթքի պահուն եւ երկու կրօնքներու աղօթքներ մէկզմէկու խառնուեցան։ Այս երեւոյթին առջեւ Պայտեմիր ըսաւ, որ այս պահուն նոյն Աստուծուն աղօթած են եւ իրեն աղաչանք ներկայացուցած։
«Մեր մարգարէները տարբեր ըլլան իսկ, դուք մեր եղբայրներն էք։ Կը խնդրեմ՝ ընդունեցէք իմ եղբայրութիւնը։ Շատ բացայայտօրէն կ՛ըսեմ ձեզի։ Ես զիս պարտական կը զգամ ձեզի հանդէպ։ Իբրեւ ժողովուրդիս մէկ անդամը, պարտական եմ ձեզի։ Այս քաղաքը որքա՛ն մերը կը նկատուի, կը նկատուի նոյնքան ձերը։ Ես այս քաղաքին մէջ որքա՛ն իրաւունք ունիմ, այնքան ունիք նաեւ դուք։ Բացումը պիտի կատարենք մեր հայ եղբայրներուն հետ։ Մաղթենք, որ մեր այդ միասնական հանդիպումը յաւիտենապէս շարունակուի», ըսաւ քաղաքապետը։
Իսկ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թեքին Բապուչեան յայտնեց, որ 1980ական թուականներուն, երբ այս քաղաքի բնակիչ հայերը Պոլիս եւ Եւրոպա գաղթեցին, եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքը դադրեցաւ եւ փլուզումի լքուեցաւ։ Բապուչեան յայտնեց, թէ հայեր Տիգրանակերտի մէջ ունին 190 բնակարաններ, որոնցմէ միայն 11ը կրցած են ստուգել։ Ան, ի մէջ այլոց, աւելցուց. «13 տարեկան էի, երբ գաղթեցի Տիգրանակերտէն։ Երբ փողոց կ՛ելլէինք, «կեաւուր» բառը շատ կը լսէինք։ Ընտանիքս անհանգիստ էր, ուստի մենք ալ այս քաղաքին իբրեւ վերջին հայ ընտանիքը, ստիպուեցանք գաղթելու։ Իմ զաւակս հոս չկրցաւ գալ, բայց կ՛ուզեմ, որ անոր զաւակը հոս մկրտուի։ Չենք փափաքիր որ մեր արմատները կորսուին»։ Այս բոլորին մասին լայնօրէն արձագանգած են «Հիւրրիյէթ»ի թղթակիցները: