ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր Հոկտեմբեր 23-29 թիւով, «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը Թուրքիոյ յատկացուցած է մէկ էջնոց առաջնորդող յօդուած մը եւ 14 էջնոց յաւելուած մը, որուն գլխաւոր եզրակացութիւնը այն է, թէ Միացեալ Նահանգներնը ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք է գրկաբաց ընդունին Թուրքիան՝ զայն նկատելով «իսլամական ժողովրդավարութիւն մը, որ մշակութային եւ դիւանագիտական տարբեր դիրքորշումներ ունի, սակայն յանձնառու է քաղաքական ու տնտեսական ազատականութեան»:
Առաջնորդող յօդուածին ու յաւելուածին ընթերցումէն ետք կարելի է նուազագոյնը միակողմանի, իսկ առաւելագոյնը՝ անտրամաբանական համարել Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի ուղղուած այս ազդեցիկ թերթին կոչը:
Այլապէս, թերթը տեղին քննադատութիւններ կատարած է Թուրքիոյ հասցէին, յատկապէս՝ անբաւարար համարելով փոքրամասնութեանց ու քիւրտերուն շնորհուած իրաւասութիւնները ու անընդունելի նկատելով մամլոյ ազատութեանց նկատմամբ վարչապետ Էրտողանի ցուցաբերած անհանդուրժողականութիւնը:
Գլխաւոր դրական կէտը Թուրքիոյ արձանագրած տնտեսական յառաջխաղացքն է, սակայն այդ մէկը, ինչպէս թերթը կը շեշտէ, իրականցած է Միջազգային դրամական հիմնադրամի բազմաթիւ միջամտութեանց շնորհիւ:
Այլ դրական իրագործում մը կը նկատուի արտաքին քաղաքականութիւնը, սակայն հոն եւս կը շեշտուի, թէ յատկապէս Իրանի հետ սերտ կապեր հաստատելու, Թուրքիա-Հայաստան գործընթացը կիսատ ձգելու Էրտողանի որոշումը եւ Իսրայէլի հասցէին վարչապետին շարունակական քննադատութիւնները հարցականի տակ կը դնեն Անգարայի վստահելիութիւնը:
Թերթը նաեւ առնուազն դժուարամատչելի կը նկատէ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերը՝ անոնց դիմաց գլխաւոր խոչընդոտը նկատելով Կիպրոսի անլուծելի տագնապը:
Վերջաւորութեան կոչ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ, որ Եւրոմիութեան ճնշումներուն տակ սկսած արդիականացման արշաւը շարունակէ, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ Թուրքիա չկարենայ անդամակցիլ Եւրոմիութեան, այդ բարեկարգումները նպաստաւոր պիտի ըլլան երկրի ապագային համար: