ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի նախագահը քանի մը օր առաջ հաճելի անակնկալ մատուցանեց մեր ժողովուրդին, երբ հայ մամուլի եւ լրատուամիջոցներու «Համահայկական խորհրդաժողով»ին մասնակիցները ընդունելով եւ ողջոյնի խօսք ուղղելով անոնց՝ պաշտօնապէս մերկացումը կատարեց Ատրպէյճանի կողմէ պետականօրէն դրսեւորուող ու քարոզչականօրէն ծաւալող հակահայ ֆաշիզմին։
Սերժ Սարգսեան նաեւ չվարանեցաւ «կոշտ» բառերով խարանելու եւ նոյնիսկ «խուլիգանութիւն» անուանելու պատմութիւնը նենգափոխելու ատրպեճանական քարոզարշաւը։
ՀՀ նախագահը ինչպէ՜ս կրնար «մեղմութեամբ» դատապարտել ատրպեճանական իշխանութիւնները, որոնց որոշումով՝ Պաքուի «պատմաբանները» լծուած են հայերը իբր թէ եկուոր, իսկ թուրք ազերիները՝ իբր բնիկ «աղուաններ» ներկայացնելու ստայօդ ու անհեթեթ քարոզարշաւին…
Այն աստիճան, որ նենգափոխումի միեւնոյն խորապատկերին վրայ ոչ միայն Արցախը, այլեւ Հայաստանն իսկ իբր «թուրք–ազերիական տարածք» եւ «հայերու կողմէ բռնագրաւեալ հողեր» կը «սեփականացուին» Պաքուի վարիչներուն կողմէ։
Փաստօրէն Թուրքիոյ կողմէ տասնամեակներէ ի վեր պետականօրէն կը խրախուսուին հակահայ այդօրինակ պատմական նենգափոխումները։ Իսկ վերջին տարիներուն նաեւ Ատրպէյճանը իր քարոզչական մեքենան շարժման մէջ դրած է՝ հակազդելու համար ի նպաստ հայ ժողովուրդին ու հայկական իրաւունքներուն ծաւալած միջազգային համակրանքի եւ զօրակցութեան յարաճուն ալիքին։
Ատրպեճանական նորագոյն այդ նենգափոխումներու մերկացման ու դատապարտման հրամայականը շեշտելու եկաւ Հայաստանի նախագահը։
Իսկ հաճելի անակնկալը ՀՀ նախագահին կողմէ կատարուած ատրպեճանական հակահայ ֆաշիզմին մերկացումը չէր այնքան, որքան նոյնինքն պր. Ս. Սարգսեանի կեցուածքին մէջ առաջացած շեշտակի կարծրացումը։
Ո՜ւր է Մայիս 2008ի վերջերուն, Մոսկուայի մէջ, հայեւթուրք մերձեցման ձիթենիի հաշտարար շիւղով աշխարհին ներկայացած Սերժ Սարգսեանը եւ ո՛ւր կանգնած է, այսօր, ազերիեւթրքական պատմական նենգափոխումներուն դէմ բոլոր ուժերով քարոզչական պայքար մղելու կոչ ուղղող Հայաստանի նախագահը։
Այնքան ատեն, որ ՀՀ նախագահը յետս կոչած չէ տխրահռչակ «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» ստորագրութիւնը եւ պարզապէս սառեցուցած է Փրոթոքոլներու վաւերացումը, պարզ է ամէն հայու համար, թէ այնքան ալ հեռու տեղ չի գտնուիր այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» նախաձեռնող քաղաքական գործիչ Սերժ Սարգսեանը։
Բայց միաժամանակ ահա մեր աչքին առջեւ է նոյն Սերժ Սարգսեան քաղաքական գործիչը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առաջին դիրքէն պաշտօնապէս ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահն ու իշխանութիւնները սոսկ պատմութիւնը նենգափոխելու մոլուցքով տարուած չեն, այլ լծուած են իրենց նորահաս սերունդները հակահայ ֆաշիզմով դաստիարակելու եւ թունաւորելու ծայր աստիճան վտանգաւոր արկածախնդրութեան, չըսելու համար ռազմապաշտութեան։
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի նախագահը իր կարգին կ՛անդրադառնայ, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը թեւակոխած է քարոզչական պատերազմի փուլ, ուր հայկական կողմի «դիւանագիտական բարեացակամութիւն»ն ու «նոր ժամանակներուն համահունչ քալելու պատրաստակամութիւն»ը ի վերջոյ թղթէ շերեփներու կը վերածուին… Որովհետեւ թշնամին – այո՛ թշնամին եւ ոչ թէ «հարեւան»ը – ոչ մէկ տրամադրութիւն ունի ընդունելու եւ խոստովանելու թէ՛ մեր օրերուն իր գործած անարդարութիւնները, թէ՛ անցեալի իր ծանրագոյն յանցագործութիւնը՝ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ, այդ ճամբով, Հայաստանի հայաթափումն ու յափշտակումը։
Թուրքն ու ազերին նետուած են քարոզչական պատերազմի դաշտ՝ քաջ գիտակցելով, թէ պէտք է ամբողջ պատմութիւնը նենգափոխեն, որպէսզի կարենան հայ ժողովուրդէն ու Հայաստանի Հանրապետութենէն խլել Իրաւունքի եւ Արդարութեան յաղթաթուղթերը։
Այդ գիտակցութեան դիւանագիտական գերագոյն դրսեւորումն էր Թուրքիոյ վարչապետին այս տարեսկիզբին կատարած յայտարարութիւնը միջազգային լրատուութեան մեծազդեցիկ բեմերէն CNNի։ Վարչապետ Էրտողան բառացիօրէն զգուշացուց Սպիտակ Տունը եւ Նոր Աշխարհակարգի միւս ղեկավար կեդրոնները՝ ազդարարելով, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի թուրք ժողովուրդէն խլելու իր ազգային յիշողութիւնը։
Այսինքն՝ թուրքերը ցեղասպանութեան նպատակով ջարդած չեն որեւէ ազգ, այլ պարզապէս ռուս–թրքական ռազմաճակատէն հեռացուցած են Ռուսաստանի կողքին Թուրքիան կռնակէն հարուածող հայ բնակչութիւնը, որ իբր թէ դժբախտաբար, տեղահանութեան ընթացքին, կորուստներ ունեցած է…
Աւելի՛ն. Թուրքիոյ վարչապետը նոյն առիթով աշխարհով մէկ յայտարարեց, թէ թուրքերու ազգային յիշողութեան մէջ արմատաւորուած է ճիշդ հակառակը. իբր թէ հայերը իրե՛նք զանգուածային կոտորածի ենթարկած են անզէն թուրք բնակչութիւնը։
Ա՛յս աստիճան սրութեամբ թուրքն ու ազերին կը գործածեն պատմական նենգափոխումի զէնքերը եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ իրենց ձեռնարկած քարոզչական պատերազմին կը մօտենան այսպիսի՛ լակոնական հետեւողականութեամբ, որովհետեւ սուտի ու կեղծիքի տարածման մէջ կը տեսնեն իրենց անպատժելիութեան երաշխիքը։
Հետեւաբար, «պատմահէնութիւնը» ( փոխ առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ձուլած բառեզրը) թուրքեւազերի իշխանութեանց համար կենաց–մահու խնդիր է։
Առանց պատմահէնութեան՝ Անգարա եւ Պաքու պարտաւորուած պիտի ըլլան աշխարհին հետ խօսելու միայն բիրտ ուժի լեզուով, որուն անկասկած ընդունակ են, ցեղասպանութիւն գործելու աստիճան ընդունակ են, բայց որ միշտ կիրարկելի չէ, կիրարկման իր յատուկ ժամանակը ունի, իսկ այսօր այդ յարմար ժամանակաշրջանը չէ։
Կը մնայ, որ սկսելով նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դէմքէն, իրաւատէր հայութիւնը դեդեւումներ չունենայ այս աստիճան օրհասական կռուին՝ քարոզչական պատերազմին մէջ։
Ատրպէյճանի եւ աւելի ընդգրկուն առումով թրքական պատմահէնութեան դէմ պայքարի իր կոչով՝ Հայաստանի նախագահը ահազանգ հնչեցուց ոչ միայն հայկական լրատուամիջոցներուն, այլեւ առաջին հերթին իր ղեկավարած իշխանութեանց համար։
Թուրքեւազերիական հակահայ ֆաշիզմն ու պատմական նենգափոխումները դիմագրաւելու համար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք ունինք թշնամին մերկացնող եւ անոր սերմանած ազգամիջեան ատելութեան դէմ հետեւողական պայքար մղող Հայաստանի իշխանութեանց, որոնք ի վիճակի են վերջնականապէս թօթափելու Հայեւթուրք Արձանագրութեանց պարտադրած կապանքները ինչպէս իրենց, նոյնպէս եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայէն։