
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարած է, թէ սովորական ծովահէններու նման, ատրպէյճանցի «պատմահէն»ները եւս ունին իրենց «գանձերն ու մարգարիտները», զորս, ի տարբերութիւն իսկական ծովահէններուն, չեն թաքցներ, այլ կը ներկայացնեն աշխարհին՝ թերթերու եւ «ակադեմական» աշխատանքներու էջերով:
Ըստ Դեմոյեանի, Ատրպէյճան նիւթական զգալի միջոցներ կը ծախսէ հակահայկական քարոզչութեան համար, իսկ հակահայկական քաղաքականութիւնը կը տարուի պետական մակարդակով, բարձրագոյն պաշտօնեաներու կողմէ. «Հակահայկական քարոզչութեան ղեկին Ալիեւների կլանն (գերդաստան) է: Նրանք չեն հասկանում, որ պատերազմի վերսկսումը Ղարաբաղում կը յանգեցնի ոչ միայն հայերի շրջանում կորուստների, այլեւ բացասաբար կ՛ազդի ատրպէյճանցիների երիտասարդ սերունդների վրայ»:
Դեմոյեան նշած է, որ մինչ Իլհամ Ալիեւ հանդէս կու գայ ռազմատենչ ճառերով, Ատրպէյճանի առաջին տիկինը հակահայկական տրամադրութիւններու եւ ատրպէյճանցիներու դրական կերպարի ստեղծման համար, կ՛օգտագործէ Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամը: Ան նաեւ կը շահագործէ «Եունեսքօ»ի բարի կամքի դեսպանի հանգամանքը: Աշխոյժ հակահայկական քարոզչութիւն կը վարէ նաեւ Ալիեւներուն դուստրը՝ Լէյլան, որ Ռուսիոյ մէջ կը սերմանէ հակահայկական տրամադրութիւններ:
Ըստ Դեմոյեանի, պատմահէնութեան օրինակ է «ատրպէյճանցիների ցեղասպանութեան» մասին տեղեկութիւններուն տարածումը: Պետութիւնը հսկայ գումարներ ծախսած է «ատրպէյճանցի ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերուն» նուիրուած յուշակոթողներուն գծով: Փորձագէտը նշած է նաեւ, որ ատրպէյճանցիները չեն խորշիր պատմութիւնը աղաւաղելու ժամանակ լուսանկարներու հետ «խաղալէ»։ Օրինակ Գոշավանքի հայկական խաչքարը փորձած են ներկայացնել իբրեւ ատրպեճանական գերեզմանաքար, սակայն փորձը ձախողած է, քանի որ «պատմաբանները»… մոռցած էին մաքրել հայկական գրառումները: