ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիարպեքիրի մէջ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին սկսաւ դատավարութիւնը մօտաւորապէս 120 ամբաստանեալներու, որոնք կը մեղադրուին այսպէս կոչուած «Քիւրտիստանի հաւաքականութիւններու միութեան» կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալու յանցանքով։ Այս ամբաստանեալները ձերբակալուած էին 8 նահանգներու մէջ կատարուած գործողութիւններու ընթացքին։ Առաջին նիստին մասնակցեցան 122 ամբաստանեալներ, որոնցմէ 103ը՝ ձերբակալեալ կարգավիճակի մէջ։ Ոչ ձերբակալեալ ամբաստանեալներուն մէջ կը գտնուի նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը։
Դատավարութեան առաջին նիստի ամէնէն ցնցիչ բաժինը այն էր, որ ամբաստանեալները ուզեցին քրտերէնով կատարել իրենց ինքնապաշտպանութիւնը։ Դատարանը այս մասին որոշում մը ընդունելու համար նիստը յետաձգեց։ Ինքնութեան ստուգման ընթացքին արդէն, ամբաստանեալները դատաւորին հարցումին պատասխանեցին քրտերէնով։ Ամէն անգամ, երբ ամբաստանեալի մը անունը կը կարդացուէր ներկայութեան ստուգման համար, ամբաստանեալը կը կանգնէր ու քրտերէն կ՛ըսէր. «Էզ լի վիրիմ, էզ ամատէմէ», այսինքն՝ «հոս եմ, պատրաստ եմ»։ Հետաքրքրական է, որ այս դատավարութեան համար պատրաստուած էր 7578 էջերէ բաղկացած ամբաստանագիր մը։ Տիարպեքիրի իրաւաբանական կաճառի նախագահ Մեհմետ Էմին Աքթար դիտել տուաւ, որ ամբաստանագիրը շատ երկար էր ու անոր ամբողջական ընթերցումը շատ երկար պիտի տեւէ. ան առաջարկեց, որ ամբաստանագիրը կարդացուի կրճատեալ ձեւի մէջ: Դատախազը ընդունելի նկատեց ամբաստանագիրին՝ կրճատուած ձեւով ընթերցումը։
Ամբաստանեալներու անունով խօսք ուզեց Հաթիպ Տիճլէ, որ ըսաւ, թէ իմաստալից կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ ժողովուրդին ներկայացուցիչները դատարան կը կանչուին: «Երանի այս բոլորը պատահած չըլլային, բայց այսպէս եղաւ, որովհետեւ ասիկա քրտական հարց մըն է։ Մենք քիչ առաջ մեր ինքնութեան ստուգումին պատասխանեցինք քրտերէնով, որովհետեւ մայրենի լեզուով ինքնապաշտպանութիւնը մեր ամէնէն բնական իրաւունքն է։ Մենք քիւրտ ժողովուրդին համար պայքար մղած մարդիկ ենք։ Մեր թուրք եղբայրներուն լեզուէն ալ անհանգիստ չենք, բայց պետութիւնը եթէ բանայ մեր ապագան, բրտութիւնն ալ կը նուազի», ըսաւ ան։
Ամբաստանող կողմը պահանջեց, որ քրտերէնով ինքնապաշտպանութեան դիմումը մերժուի, որովհետեւ դատախազութեան կողմէ կատարուած հարցաքննութիւնը կայացած էր թրքերէնով։
Դատավարութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է հանրային կարծիքին մօտ։ Ամբաստանագիրին համաձայն, մեղադրեալները կ՛ամբաստանուին պետութեան միասնականութիւնն ու ամբողջականութիւնը խախտելու, ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու կամ անոր հետ գործակցելու յանցանքներով, ուստի անոնց դէմ կը պահանջուի 15 տարիէն մինչեւ ցկեանս բանտարկութեան պատիժներ։ Ամբաստանեալներուն շարքին կը գտնուին 28 անուններ, որոնք քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ են։