ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կովկասեան հարցերու մասին աշխատաժողովներ գումարելը նորաձեւութիւն դարձած է Անատոլուի որոշ շրջաններու համալսարաններուն համար: Այս անգամ լուրը կու գայ Սեւ ծովու վրայ գտնուող Օրտու քաղաքէն, որուն համալսարանի Թրքերէնի ու թրքական գրականութեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 25-28ի միջեւ պիտի կայանայ գիտաժողով մը՝ «Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու յարաբերութիւնները՝ լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան տեսանկիւնէն» նիւթով։ Այս աշխատաժողովին նեցուկ կը կանգնի նաեւ Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն ու Իրանէն մէկական համալսարան։ Կը հաղորդուի, որ զանազան գիտնականներ պիտի խօսին Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի ու Իրանի մասին։ Յայտնի չէ եթէ Հայաստանէն գիտնականներ հրաւիրուա՞ծ են, թէ՝ ոչ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.