
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հոկտեմբեր 23էն Դեկտեմբեր 11ի միջեւ, Կլենտէյլի «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից գեղանկարչութեան արուեստի խմբային ցուցահանդէս, որուն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 30 արուեստագէտներ: Արուեստագէտներուն շարքին են՝ Վիգէն Յովսէփեան, Սամուէլ Լաչիկեան, Արա Միքայէլեան, Նայիրի Սաֆարեան, Անիթա Գարունի, Սուզան Սեւօ, Եուրի Համբարձումեան, Լիլիա Քալաշեան ու Ոսկան Գալստեան:
Ձեռնարկին բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 6-10:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 662-7070 թիւին կամ այցելել www.silvanagallery.com: Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1731 W. Glenoaks Blvd. # 200: