
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8ին, 2010-2011 տարեշրջանը թեւակոխեց, «Ուոտպըրի» համալսարանին մէջ, ներկայ եւ նոր անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հաւաքի մը միջոցաւ:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Ռոստոմ Սարգիսեան, իսկ հանդիսավարն էր՝ Կարէն Եղբայրեան, որ ներկայացուց նախորդ տարուան ընթացքին Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումները, որոնցմէ մէկն էր քաղաքի պատմութեան մէջ ամենամեծ թիւով հայ նոր քուէարկողներ հաւաքելու արշաւը: Եղբայրեան նաեւ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի աշխատանքներուն համար տարուած աշխատանքին մասին, ու կարեւոր իրագործում մը համարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի նուիրատուութեան շնորհիւ՝ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին հաստատած «Ապրիլ 24ի Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վերածնունդի մարդասիրական կրթանպաստ»ը, որ ամէն տարի պիտի տրամադրուի «Ուոտպըրի» համալսարանի ուսանողներէն մէկուն:
Ապա, ներկայացուեցան նոր յանձնախումբերը եւ անոնց ատենապետները. Արա Պոյաճեանը ատենապետն է Հայկական Ս. Ծնունդին հիւրասիրութիւնը կազմակերպող յանձնախումբին, Նանէ Չեհրազ՝ հաղորդակցութեան եւ տեղեկահաւաքի յանձնախումբին, Անեթ Քարկոտորեան՝ ձեռնարկներու յանձնախումբին, Ժագլին Խոտապախշ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ձեռնարկի կազմակերպման յանձնախումբին ու Արմոնտ Աղախանի՝ քաղաքական եւ ընտրական յանձնախումբին: