
ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 18ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան ներկայացուցած է 2011ի ամավարկին նախագիծը, ըստ որուն, կը նախատեսուի 4.5 միլիառ դրամով աւելցնել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած ծախսերը:
Տիգրան Դաւթեան յայտարարած է, թէ երկրի անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ միջոցները նախատեսուած են արդէն ամավարկին մէջ, սակայն նաեւ հնարաւորութիւն կայ այդ ոլորտին յատկացուող ծախսերը աւելցնել: