
ՍԻՒՆԻՔ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Հոկտեմբեր 16ին Սիւնիքի մարզին մէջ մեծ հանդիսութեամբ սկսաւ «Տաթեւի Վերածնունդ» ծրագիրը, որ կը յատկանշուի աշխարհի մէջ գործող ամենաերկար ճոպանուղիին գործարկումով:
«Տաթեւի թեւեր» անունը կրող այս 5.7 քլմ. երկարութեամբ ճոպանուղին, որ կ՛երկարի Որոտան գետի կիրճին վրայով, կը կապէ Հալիձոր եւ Տաթեւ գիւղերուն մօտակայքը տեղակայուած երկու կայանները: Ճոպանուղիին խորհրդանշական բացումը կատարեց Հայաստանի նախագահը, որմէ ետք Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կատարեց օծման արարողակարգը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, նախարարներ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ ժամանած պաշտօնատար անձինք:
Հայաստանի նախագահը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Տաթեւի վանական համալիրը շրջապատող համայնքներէն եօթը երեխաներ եղան աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիին առաջին հիւրերը:
Նշենք, որ ճոպանուղիին կառուցումը տեւեց 11 ամիս։ Անիկա կառուցուած է զուիցերա-աւստրիական «Garaventa Doppelmayer» ընկերութեան կողմէ, որ աշխարհի մէջ հասանելիութիւն ապահովող ընկերութիւններուն առաջատարն է:
13 միլիոն եուրօ արժողութեամբ ճոպանուղին անվճար պիտի ծառայէ յարակից գիւղերու բնակիչներուն, եւ պիտի գրաւէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, աշխարհի տարբեր անկիւններէ:
Հայաստանի նախագահը ողջունեց Տաթեւ ժամանած բոլոր հիւրերը՝ նշելով, որ «Տաթեւի Վերածնունդ» ծրագիրին մեկնարկումը հաճելի առիթ է հաւաքուելու եւ վայելելու սիւնեաց աշխարհի անկրկնելի բնապատկերն ու միջնադարեան գլուխգործոցները: «Շատերն են երազել այս հողում սեփական բիրտ հետքը թողել, որ սովորաբար ավերածութիւնների հետքն է: Բայց այստեղ իշխել եւ իշխում են հայոց կոթողները, այստեղ մշտապէս խօսել եւ խօսելու են հայերեն», ընդգծեց Ս. Սարգսեան, այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին իրենց ներդրումը ունեցողներուն, մանաւանդ մոսկուաբնակ հայ գործարար Ռուբէն Վարդանեանին եւ բոլոր շինարարներուն: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Տաթեւի համալիրը, իր բնապատկերով, իր գիրկը պիտի բերէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ՝ նպաստելով Սիւնիքի՝ այդպիսով նաեւ Հայաստանի զարգացման:
Մրցունակութեան ազգային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Բեկոր Փափազեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ «Տաթեւի Վերածնունդ» նախագիծը մեծ հեռանկար ունի եւ այդ ծրագիրին հանդէպ մեծ է օտար ներդրողներուն հետաքրքրութիւնը:
Հանդիսութեան ծիրէն ներս Հայաստանի նախագահին ներկայացուեցան արդէն իսկ աւարտած կամ նոր սկսած նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ 17րդ դարու ձիթհանը, ազգային խոհանոցի վերածնունդի ծրագիրները եւ այլն:
Յիսուն միլիոն տոլար արժողութեամբ «Տաթեւի Վերածնունդ» ծրագիրը կազմուած է քանի մը բաղադրիչներէ՝ վանական համալիրի պահպանում, անոր վանական եւ գիտական աւանդոյթներու վերականգնում, զբօսաշրջութեան մշակում յարակից կիրճին եւ շրջակայ վեց համայնքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկային ենթակառոյցներու ստեղծում: